2016-10-13 10:02:00

Խստօրէն քննադատուած են Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները:


ՊԱՔՈՒ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի լիագումար նիստին ընթացքին խիստ քննադատութեանց ենթարկուած են Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումները: Նշեալ խախտումներուն անդրադարձած է ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Մայքըլ Քոզաք: Ան նախ ընդգծած է, թէ կրօնական փոքրամասնութեանց անդամները շարք մը հարցեր կը դիմագրաւեն Ատրպէյճանի մէջ եւ մնայուն վախի մէջ կ՛ապրին:

Անդրադառնալով երկրին մէջ կատարուող սահմանադրական փոփոխութիւններուն՝ Քոզաք մտավախութիւն յայտնած է, որ անոնք աւելիով պիտի սահմանափակեն ատրպէյճանցիներուն արդէն իսկ սահմանափակ իրաւունքները, յատկապէս՝ ազատ ու խաղաղ հաւաքներ կատարելու հարցով:

«Կառավարութեան կոչ կ՛ընենք անմիջապէ՛ս ազատ արձակելու խաղաղօրէն հաւաքուելու հիմնարար իրաւունքի գործադրման ընթացքին ձերբակալուածները. մենք անհանգիստ ենք այն բանով, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը իշխանութիւնը կը կեդրոնացնէ նախագահին ձեռքը», ըսած է ան:

Քոզաք նաեւ յորդորած է ազատ արձակել բոլոր լրագրողները եւ այլ անձեր, որոնք բանտարկուած են պարզապէս անոր համար, որ արտայայտուելու ազատութեան իրենց տարրական իրաւունքէն օգտուած են:

Քոզաք խօսած է նաեւ երկրին մէջ անկախ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու դէմ դրուած տեսակաւոր խոչընդոտներուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.