2016-10-13 10:17:00

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ իրավիճակը:


 «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը 15 էջերէ բաղկացած տեղեկագիր մը հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ կիրարկուած բռնութիւններուն մասին։ Կազմակերպութիւնը ուսումնասիրած է Յուլիս 15ի ձախողած յեղաշրջումէն ետք արտակարգ դրութեան ազդեցութիւնը մամլոյ ազատութեան վրայ։ Մասնաւորաբար դիտել կը տրուի, որ Յուլիս 15էն ետք բանտարկուած են աւելի քան 100 լրագրողներ, դադրած է 100 թերթերու, ամսագիրներու, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու գործունէութիւնը, իսկ շարք մը լրագրողներու անձնագիրները անվաւեր յայտարարուած են։

Կազմակերպութեան Գերմանիոյ պատասխանատու Քրիստիան Միհըր կը նշէ, որ լրագրողներ, որոնք յեղաշրջման փորձէն առաջ իսկ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին, հիմա շատ աւելի վատ վիճակի մատնուած են։

Կազմակերպութիւնը պահանջած է, որ անմիջապէս կասեցուին լրագրողներու դէմ կիրարկուած սահմանափակումները եւ անվաւեր հռչակուին այն որոշումները, որոնք թէեւ օրէնքի ուժ ստացած են արդէն, սակայն ներհակ կը մնան Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.