2016-10-12 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Ողորմութեան մարմնական ու հոգեկան գործերը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 12 հոկտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու այս առթիւ շարունակելով Ողորմութեան մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ ողորմութեան մարմնական ու հոգեկան ներգործութիւններու մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ խորհրդածութեան ընթացքին մխրճուեցանք Աստուծոյ ողորմութեան մեծ խորհուրդին մէջ։ Խոկացինք Հօր Աստուծոյ հին կտակարանին մէջ ներգործութիւններու մասին ապա Աւետարանի պատմուածքներու միջոցաւ նշմարեցինք թէ Յիսուս` Ողորմութեան մարմնացումն է իր խօսքերու ու գործերու միջոցաւ։ Ան արդարեւ իր աշակերտներուն սորվեցուց ''եղէք Հօր նման ողորմած''  (Ղուկ 6,36)։

''Բաւարար չէ փորձարկել Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր կեանքէն ներս, պէտք է նաեւ որ բոլոր անոնք որոնք զայն կ՛ընդունին դառնան ուրիշներու համար գործիք եւ նշան ողորմութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ ''Ողորմութեան վկայ ըլլալը չի նշանակեր գերմարդկային գործեր կատարել։ Ոչ երբեք։ Տէրը մեզի կը սորվեցնէ շատ դիւրին ճամբայ մը, կազմուած փոքրիկ ներգործութիւններէ, որոնք ունին մեծ արժէք, որոնց համեմատ պիտի դատուինք''։

Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ ամէն անգամ որ անօթի մը կերակրենք ու ծարաւի մը յագեցնենք, մերկ մը հագցնենք ու օտարական մը ընկալենք, հիւանդ մը ու բանտարկեալ մը այցելենք, այս բաները իրեն ըրած կ՛ըլլանք (Մատթ. 25, 31-46)։ Եկեղեցին այս գործերը կը նկատէ ''ողորմութեան մարմնական ներգործութիւններ'' որովհետեւ կը հային մարդոց նիւթական կարիքներուն։

Կան ապա ողորմութեան այլ եօթը ներգործութիւններ որոնք նկատուած են հոգեւոր ներգործութիւններ որովհետեւ կը հային մարդոց ներքինին, ասոնք են, համբերութեամբ հանդուրժել մերձաւորին դերութիւնները, ապա խորհուրդ տալ կասկածի մէջ եղողներուն, դաստիարակել տգէտները, յանդիմանել մեղաւորները, մխիթարել տխուրները, ներել մեզ վիրաւորողները,  ապա աղօթել Աստուծոյ` կենդանիներու եւ մեռեալներուն համար։

''Յաջորդ խորհրդածութիւններու ընթացքին պիտի անդրադառնանք այս ներգործութիւններու մասին զոր եկեղեցին մեզի կը ներկայացնէ որպէս շօշափելի կերպ ապրելու համար ողորմածութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով դարերու հոլովոյթին այն անձերուն որոնք հաւատարիմ կերպով ի գործ դրին զանոնք ու հաստատելով թէ յաճախ կարիք չկայ դիմելու վիթխարի գործունէութիւններու այլ աւելի լաւ է սկսիլ փոքրիկ ու պարզ բաներէ զոր Տէրը մեզի կը յայտնէ որպէս հրատապ։

Աշխարհի մը մէջ որ թիրախ է անտարբերութեան ախտին, ողորմութեան ներգործութիւնները ամենալաւ հակաթիւնն են։ Անոնք մեզ կը դաստիարակեն ուշադիր ըլլալու մեր ամենափոքր եղբայրներու հիմնական կարիքներուն, որոնց մէջ ներկայ է Յիսուս։ Ճանչնալ անոր դիմագիծը անոնց մէջ, անտարբերութեան դէմ իսկական մարտահրաւէր է ու մեզ կը մղէ արթուն մնալու թոյլ չտալու համար որ Քրիստոս մեր մօտէն անցնի առանց որ զինք ճանչնանք – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառին աւարտին հաստատեց թէ ողորմածութեան ներգործութիւնները մեր մէջ կ՛արթնցնեն կարիքն ու կարողութիւնը կենդանի եւ գործունեայ դարձնելու հաւատքը եւ եղբայրսիրութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ բազմաթիւ սուրբերուն որոնք այսօր եւս կը յիշուին իրենց ողորմութեան գործերուն համար ինչպէս է պարագան Մայր Թերեզային որ հոգալով  ու խնամելով բազմաթիւ կարիքաւոր, հիւանդ, լքուած ու մահամերձ անհատներ անոնց տարաւ Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու քնքշութիւնը։

Թող որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ վառէ իղձը ապրելու այս ապրելակերպով։ Գոց սորվինք ողորմութեան հոգեկան ու մարմնական ներգործութիւնները ու խնդրենք Տիրոջմէ որ մեզ օգնէ որ զանոնք ի գործ դնենք ամէն օր, ու այն պահուն  երբ Յիսուսը կը նշմարենք կարիքաւոր անձի մը մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները  յատուկէն յիշելով ու ողջունելով ''խաղաղութեան ու զօրակցութեան խաղը'' կազմակերպողները որոնք այս երեկոյ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ կազմակերպած են ոտնագունդի մրցոյթ մը որուն կը մասնակցին աշխարհահռչակ մարզիկներ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց երիտասարդները հիւանդներն ու նորապսակները հրաւիրելով զանոնք նմանելու Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ին, որուն ծիսական տօնը նշուեցաւ երէկ, դիմելու Անոր խաչի ու տառապանքի պահերուն, ապա Անորմէ սորվելու զաւակները դաստիարակելու արուեստը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.