2016-10-12 11:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալները,  կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման ի նպաստ  ըսելով.

՝՝Կ՝ուզեմ ընդգծել եւ վերահաստատել իմ մօտիկութիւնս Սուրիոյ անմարդկային հակամարտութեան  բոլոր զոհերուն։ Անյետաձգելի ու հրատապ միտումով կը  վերանորոգեմ կոչս, ամբողջ  ուժերովս հայցելով պատասխանատուներէն, որպէսզի անմիջական զինադադար հաստատուի, որ պարտադրուի եւ յարգուի առ նուազն այն ժամանակի համար որ հարկաւոր է քաղաքացիներուն թոյլ տալու որ դուրս գան այդ շրջաններէն, յատկապէս մանուկները, որոնք տակաւին արիւնահեղ ռմբակոծումներու ծուղակի տակ կը գտնուին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.