2016-10-12 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը քրիստոնեաներու համաշխարհային միութեան քարտուղարութեան հաւաքի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2016-ի, առաւօտեան ժամը 9,00-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց քրիստոնեաներու Համաշխարհային միութեան (Christian World Communions) քարտուղարներու համագումարին մասնակիցները ու անոնց ուղղեց  սրտաբուխ խօսք մը, որուն  մէջ անդրադառնալով  յիշեալ հաստատութեան պատուիրակութեան նախագահին կողմէ իրեն ուղղուած ողջոյնի խօսքերուն   ընդգծեց թէ իր ուշադրութիւնը գրաւած են երկու երեւոյթներ .  առաջին՝ Յիսուս մեր հետն է, ­ երկրորդ Յիսուս մեր հետ ուղեւորութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ այս երկու  երեւոյթները զինք կը մղեն հարց տալու թէ արդեօք կարո՞ղ եմ հաւատալ թէ Յիսուս իմ հետս է, արդեօք կարող եմ բոլորին հետ  ընթանալ նաեւ Յիսուսի հետ։ Ան ապա նկատել տուաւ, թէ   բաւարար չէ  միայն Աստուածաբաններուն  համամիութենական աշխատանքները, այլ համամիութիւնը կը  կատարուի ուղեւորութեան մէջ,  Յիսուսի հետ ուղեւորութեան մէջ, ոչ թէ՝ իմ Յիսուսս քու Յիսուսիդ դէմ, այլ մեր Յիսուսին  մէջ,  շեշտեց Սրբազան Հայրը աւեցնելով, թէ  համամիութենական ուղեւորութիւնը պարզ ուղեւորութիւն մըն է, ան կը կատարուի աղօթքով եւ ուրիշներուն օգնութեան հասնելով։  

Աղօթել համամիութենական աղօթքով այսինքն ՝ մէկը միսին եւ բոլորին միութեան համար , շեշտեց Սրբազան Հայրը ու անդրադարձաւ Արեան համամիութեան մասին, որ յաճախակի  է մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ։

Այս ուղղութեամբ Ան օրինակ բերաւ թէ ինչպէս աշխարհի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները կը հալածուին իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար եւ ոչ թէ անոնց դաւանական պատկանելիութեան համար։ Ահաբեկիչները հարց չեն տար  թէ անոնք Օրթոտոքս, կաթողիկէ կամ աւետարանական են, անոնք մէկ բանի գիտեն` թէ  քրիստոնեայ են։

 ՝՝Թշնամին չի սխալիր, ան գիտէ  թէ Յիսուս ուր կը գտնուի՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով  թէ  այս է արեան համամիութիւնը  ու յիշել տալով  Լիպիոյ ծովափին վրայ պատահած Ղպտի Օրթոտքոս եղբայրներու մարդասպանութիւնը ՝՝ասոնք մեր եղբայրներն են ։ Ասոնք  վկայեցին Յիսուսը եւ մեռան ըսելով ՝՝Յիսուս օգնէ ինծի՝՝ ըսաւ   Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց ըսելով թէ  ՝՝թշնամին մեզի կը  սորվեցնէ արեան համամիութիւնը՝՝։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.