2016-10-12 11:10:00

Ռայի պատրիարքը դարձեալ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան յատուկ թղթածրարը:

Ռայի պատրիարքին եւ Ռիչըրտի հանդիպումին միացաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը:

Հանդիպումէն ետք Ռիչըրտ եւ Քաակ ընդգծեցին ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան:

Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանան առիթը ունի հարիւր առ հարիւր «լիբանանցի» նախագահ մը ունենալու` կոչ ուղղելով օգտուելու այդ առիթէն:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Մարուան Շարպել:

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն, որ զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն եւ անոր հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող վերջին զարգացումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.