Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանը:
Հրթիռը պայթած է նախքան վարժարանին վրայ իյնալը, ապա ինկած է վերնայարկի դասարաններէն մէկուն մէջ` պատճառ դառնալով նիւթական վնասներու:
Բարեբախտաբար այդ ժամերուն աշակերտները ներկայ չեն ըլլար դասարան: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Պատասխանատու մարմինները դպրոցի վերանորոգման աշխատանքներուն ձեռնարկած են, դասաւանդութիւնը կը շարունակուի բնականոն ձեւով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |