2016-10-12 11:23:00

Ինչպէս կը բաշխուի Հալէպ առաքուած Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա առաքուած է 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն` սննդամթերք, անձնական մաքրութեան պարագաներ, ձմեռնային հագուստ, ծածկոցներ եւ այլն:

Օժանդակութեան 10 թոնը նախատեսուած է Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոնը` Հալէպի:

Հոկտեմբեր 7-ին «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանից` Սիրիայի եղբայրական ժողովրդին» մակագրութեամբ բեռը հասած ե Հալէպ: Oժանդակութեան բաշխումը յանձնարարուած է Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնին:

«Այժմ կը ցանկագրենք, կը տեսակաւորենք օժանդակութիւնը, որպէսզի յաջորդ շաբաթ բաժանենք Հալէպի մէջ ապրող հայ համայնքի անդամներուն»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնման գործադիր մարմինի ատենապետ Յարութ Հայրապետեանը եւ աւելցուցած, որ սուրիացի ժողովուրդին նախատեսուած օժանդակութիւնը փոխանցուած է «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութեան, որ եւ կը տնօրինէ օժանդակութեան բաշխումը:

«Հայաստանի պետութեան կողմէ առաքուած օժանդակութիւնը մեզի համար նախեւառաջ բարոյական նշանակութիւն ունի: Մեր նպատակն է, որ իւրաքանչիւր հալէպահայ ստանայ այս օժանդակութենէն թէկուզ մէկ փոքրիկ բաժին: Մեծ հպարտութիւն է մեզի համար գիտակցիլ, որ Հայաստանի կառվարութիւնը կը հետաքրքրուի հալէպահայութեամբ: Շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինը ունի ցուցակներ, որոնց միջոցով եւ կը բաժանուի օժանդակութիւնը ոչ միայն կարիքաւոր ընտանիքներուն, այլեւ բոլոր հալէպահայերուն: Ինչ կը վերաբերի մեր մօտ արձանագրուած կարիքաւոր ընտանիքներուն, ապա անոնց թիւը 2500 է, որոնք մեզմէ պարբերաբար օժանդակութիւն կը ստանան»,-նշած է Յարութ Հայրապետեանը:

Անդրադառնալով Հալէպի ներկայ իրավիճակին` Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնման գործադիր մարմնի ատենապետը նշած է, որ արդէն 4-5 օրէ վիճակը համեմատաբար կայուն է: «Համայնքին համար ծանր ժամանակներ էին անցնող 10-15 օրերը, որոնց ընթացքին ունեցանք 7 նահատակ եւ մէկ տասնեակէ աւելի վիրաւորներ, որոնցմէ երեքը դեռ հիւանդանոց են»,-իր խօսքը եզրափակեց Յարութ Հայրապետեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.