2016-10-12 10:30:00

«Մեթիու» փոթորիկին պատճառով Հայիթիի մէջ զոհերու թիւը անցել է 1000ը


«Մեթիու» փոթորիկին պատճառով Հայիթիի մէջ զոհերու թիւը անցել է 1000ը:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ զանգուածային յուղարկաւորութիւններու պատճառով երկրին մէջ սկսած է տարածուիլ քոլերայի համաճարակ, որ պատճառ դարձած է 13 մարդու մահուան:

Իշխանութիւնները եռօրեայ սուգ յայտարարած են:

Կիրակի օր Հայիթիի մէջ տեղի պէտք էր ունենային նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, սակայն փոթորիկին պատճառով քուէարկութիւնը յետաձգուած է անորոշ ժամանակով:

Հայիթիի ժամանակաւոր ընտրական խորհուրդը խոստացած է ընտրութիւններու նոր թուականը յայտարարել 12 հոկտեմբերին:

«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Մեթիու» փոթորիկին պատճառով Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերու թիւը հասած է 27-ի: Նախապէս կը հաղորդուէր 21 զոհերու եւ առանց ելեկտրականութեան մնացած 1,3 միլիոն մարդու մասին:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանի տուեալներուն, Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ բնական աղէտին զոհ դարձած է 11 մարդ, Ֆլորիտայի մէջ` 8 մարդ, Ճորճիայի մէջ` 4 մարդ, Հարաւային Քարոլայնայի մէջ` 3 մարդ, իսկ Վըրճինիայի մէջ` 1 մարդ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.