2016-10-11 09:38:00

Լոյսը ճշմարտութիւնը չի փոխեր այլ զայն կը լուսուարէ


Քրիստոսի լոյսը կը շարունակէ շողալ մեր տօներուն տօնացոյցերու եւ ծէսին մէջ, հրաւէր մըն է բոլորիս մեր ջահը միշտ վառ պահելու եւ ընդունելու նոր մանուկը եւ նոր փեսան: Յիսուսը մեզի կը ներկայայ որպէս նոր Արքայութիւն եւ նոր Յայտնութիւն մը: Սուրբ Յովհաննէսը կ'ըսէր. «Աստուած սէր է ինչպէս նաեւ Աստուած լոյս է»:

Լոյս մը ըլլալու համար այս խաւա-րամած աշխարհին մէջ, պէտք է որ Աստուծոյ լոյսը բնակի մեր մէջ, բայց արդեօք ինչպէս կարելի է հոն հասնիլ: Սուրբ Յովհաննէսը մեզի պատասխանը տալով կ'ըսէ «Ան որ կը պահէ Աստուծոյ պատիւրանները, Աստուծոյ մէջ կ'ապրի ինչպէս նաեւ հետը կ'ապրի (Յովհ 3, 24):

Շատերը հը հարցնեն թէ ի՞նչ են Աստուծոյ պատուիրանները: Այս է պատուի-րանը որ հաւատանք Աստուծոյ Որդիի անունին եւ սիրենք զիրար ինչպէս որ ինքը մեզ սիրեց եւ մեզի տուաւ Հօր պատուի-րանները:

Սուրբ Յովհաննէսը մեզի կը յստակացնէ լուսաւոր սէրը հաւատքի միջոցաւ որպէս ճանաչողութեան չափանիշը մեր անձնական կեանքին: Մենք կրնանք վառուիլ որպէս լաւ կամքի ունեցող մարդոց նման այսինքն բարիքը ցանելով ամէնուրէք, ինչպէս կ'ընէին քրիստոնեայ կամաւորները: Այս ձեւով է որ մեր հաւատքը կը ցոլայ Աստուածային լոյսը մեր բարի կենցաղին վրայ որ պէտք է նաեւ հարստաց-ւած ըլլայ մարդկային տաք սիրով եւ յարատեւութեամբ, ուրախութեամբ եւ ներբա-նկար ուշադրութեամբ: Այս բոլոր յարկութիւն-ները ունենալու համար կը պահանջուի մեզմէ Յիսուսի հետ հանդիպումներ կատարելու մեր հոգիի փրկութեան համար:

Յիսուսը՝ մեզի պէս մարմին առնելով եկաւ բոլորս փրկելու եւ եկեղեցւոյ մէջ իր ներկայութիւնը արտայայտելու, մանաւանդ այն քրիստոնեաներուն որոնք կ'ապրին Քրիստոսի հաւատքը իրենց սիրոյն միջոցաւ:

Այսօր Տէրը ինծի կ'ըսէ. «Դուն իմ որդիս ես, այսօր քեզի կեանք տուի» (Սաղմ 2, 7): Յիսուս Աստուծոյ Որդին, լոյս եւ լոյսէն բխած յայտնութիւնն է Արքայութեան, որովհետեւ այն ժողովուրդը որ կը նախընտրէր եւ կ'ապրէր խաւարին մէջ տեսաւ մեծ լոյս մը, հակառակ իրենց տխրութեան պզտիկ յոյսի նշոյլ մը տեսան նոր լոյսին միջոցաւ. «Ժողովուրդը, որ խաւարի մէջ էր, մեծ լոյս մը տեսաւ. մահուան խաւարին մէջ նստողներուն՝ լոյս ծագեցաւ» (Մատթ 4, 16):

Այն մարդուն ճշմարտութիւնը որ սիրով եւ անհամբերութեամբ կը սպասէ լուսաւո-րումը Քրիստոսի՝ արմատական ձեւով կը մտնեն Աստուծոյ արքայութեան մէջ:

Զաքարիան, Աստուծոյ մարդը ընդունեց Տիրոջ այցելութիւնը իր ժողովուրդին որ եկած էր լուսաւորելու. «Այս խօսքերուն վրայ Մարիամ խռովեցաւ եւ կը մտածէր թէ ինչ կը նշանակէր այս ողջոյնը» (Ղուկ 1, 29):

Սիմէոն ալ ուրիշ զաւակ մը լոյսին՝ ճանչցաւ Արքայութեան մօտալուտը. «Լոյս՝ որ կը յայտնուի բոլոր հեթանոսներուն եւ փառք՝ քու ժողովուրդիդ, Իսրայէլի» (Ղուկ 2, 32):

Մատթէոս Աւետարանիչը մեզի կը ներկայացնէ նոր Մէսիան՝ Արքայութեան աւետման մէջ: Այս արքայութիւնը մօտ է եւ Յիսուս մեզի ամնիջապէս կը ներկայացնէ: Ատոր համար մարդիկ լաւ ընդունեցան զինք:

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի արքայութեան աւետումին մէջ որ պիտի գայ փոխելու բոլոր աշխարհի մարդիկը: Քրիստոսը նոր կեանք մը կը շնորհէ բոլորիս մկրտութեան լոյսին ընդմէջէն եւ Սուրբ Երրորդութեան օգնութեամբ:

Չանանք որ մեր վառ հաւատքն ու սէրը շողան միշտ աշխարհի խաւարման մէջ: Ամէն:  

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.