2016-10-10 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը Փալլոթթինեան միաբանութեան 21րդ ընդհանրական ժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Կաթողիկէ Առաքելութեան Ընկերութեան՝ Փալլոթինեան միաբանութեան անդամները, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են միաբանութեան  21րդ Ընդհանրական Ժողովը։ Այս առթիւ արտասանած ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց Փալլոթինեան միաբանութեան հիմնադրի՝ Սուրբ Վինչենցօ Փալլոթթիի օրինակը, որուն համար՝ Քրիստոս կեանքին կենդրոնն էր։ Քրիսոտս Փալլոթթինեան միաբաններու կեանքի էութիւնն է, ըսաւ Սրբազան Պապը, մէջբերելով Վինչենցօ Փալլոթթի խօսքը, ուր ան կը գրէր՝ «Մեր փոքր Միաբանութեան հիմնական կանոնը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքն է. նմանիլ Անոր խոնարհութեամբ եւ վստահութեամբ, կարելիին չափով կատարեալ կերպով՝ կատարելով ծածուկ եւ կամ հրապարակային կեանքի աւետարանի ծառայութեան բոլոր գործերը։» Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ պէտք է ամէն օր նորոգենք Քրիստոսի հանդէպ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը, որ «առաջին եւ մեծագոյն Աւետարանողն է։» Ֆրանչիսկոս Պապ քաջաերեց ներկաները, որ ուրախութեամբ եւ յոյսով հետեւին իրենց կեանքի ուղիին, ամբողջ սրտով եւ բոլոր ուժերով ջանք թափեն, որպէսզի հիմնադրի շնորհապարգեւը առատօրէն պտղաբերէ նաեւ ներկայ ժամանակներու մէջ։ Կաթողիկէ Առաքելութեան Ընկերութիւնը կը կրէ Վինչենցոօ Փալլոթթիի շնորհապարգեւը. ան Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար կը բանայ լայն տարածքներ եւ նոր հորիզոններ։ Ասոր համար ան կոչումն ունի գործելու նորոգեալ թափով, վերստին արթնացնելու հաւատքը եւ բորբոքելու սէրը, յատկապէս ամենէն տկար ժողովուրդներու պարագային, որոնք աղքատ են հոգեպէս եւ նիւթապէս։ Խօսքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը զանոնք յանձնեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան, որուն հանդէպ Սուրբ Վինչենցօ Փալլոթթի յատուկ մեծարանք ունէր։ Սրբազան Հայրը նկատեց թէ, Աստուածածինը առաքելական եռանդի եւ կատարեալ սիրոյ ազդու օրինակն է, որ մեզ կը հրաւիրէ անդադրուն աղօթքի՝ հայցելու համար Սուրբ Հոգիի պարգեւները՝ այսօրուան առաքեալներուն համար, մինչեւ Իր Որդիին Աւետարանը կարենայ քարոզուիլ աշխարհի բոլոր կողմերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.