2016-10-10 09:28:00

ՏԱՀԵՇ-ի գրաւած տարածքները յունուար 2015-էն ի վեր կրճատուած են աւելի քան մէկ չորրորդով


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գրաւած տարածքները յունուար 2015-էն ի վեր կրճատուած են 28 առ հարիւրով:

«Էյչ.Այ.Էս.» վերլուծական ընկերութեան ներկայացուցիչները յայտնած են, որ 2016-ի սկիզբէն ի վեր զինեալները կորսնցուցած են 12.500 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, եւ այժմ անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները 78 հազար քառակուսի քիլոմեթրէն նուազած է 65 հազար քառակուսի քիլոմեթրի, ինչ որ Սրի Լանքայի չափ է:

Բայց եւ այնպէս վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի ունեցած կորուստները նուազած են: Ահաբեկչական խմբաւորումը յուլիսէն ի վեր միայն 2800 քառակուսի քիլոմեթր տարածք կորսնցուցած է:

Կը նշուի, որ կորուստներուն նուազիլը կը համընկնի Ռուսիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներու կրճատման հետ: Այս տարուան սկիզբը ռուսական օդային հարուածներուն 26 առ հարիւրը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ էր, սակայն ամրան ամիսներուն այդ թիւը նուազած է մինչեւ 17 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.