2016-10-10 09:50:00

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխաններուն նախագահական ընտրութիւն կատարելու


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ, որ անցեալ չորեքշաբթի օրուան Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին յայտարարութիւնը քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն ուղղուած կոչ մըն է, որուն հիմքը երկրին սահմանադրութիւնն է:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արծարծուած թղթածրարները չեն կրնար նախագահական ընտրութեան իբրեւ ելք ծառայել, հետեւաբար երեսփոխաններէն կը պահանջուի սահմանադրութեան համաձայն ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդունեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քազզի ըսաւ. «Բնական է, որ զօրակցինք Պքերքէի եւ Ռայի պատրիարքին կողմէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկեղծ կոչին: Ժամանակն է արդէն, որ երկրին սահմանադրութեան յանձնառու ըլլանք եւ ընտրենք բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող հանրապետութեան նախագահ մը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.