2016-10-10 12:24:00

Գերապայծառ Զենարի. ''Կարդինալ անուանումս նուիրուած է Սուրիոյ ժողովուրդին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 հոկտեմբեր 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկադ 19 նոյեմբերին 13 նոր կարդինալներ պիտի նշանակէ, որոնց շարքին առաջինն է Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան գերապայծառ Մարիօ Զենարի որ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ ''իրեն համար այդ անունումը եղաւ յուզմունքի պահ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին որովհետեւ այդ անուանումը վերապահուած է Սուրիոյ ու բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս ահաւոր պատերազմէն - ըսաւ նորանշանակ ծիրանաւորը վերահաստատելով թէ կարդինալական տիտղոսը նուիրուած է սուրիացիներուն ու յատկապէս մանուկներուն ու անմեղներուն։

Գերապայծառ Զենարի ապա ակնարկեց թէ ինչպէս Նորին Սրբութիւնը խնդրած է թէ ինք նոյնիսկ կարդինալ նշանակումէն ետք շարունակէ իր առաքելական նուիրակի պաշտօնը Սուրիոյ մէջ ու ընդգծեց թէ այս մէկը արտասովոր երեւոյթ է որովհետեւ կարդինալները ընդհանրապէս առաքելական նուիրակի պաշտօն չունին։ Գերապայծառ Զենարի ապա մաղթանք յայտնեց որ այս նշանակումով ինք` հակառակ մարդկային տկարութիւններուն, կարենայ աւելիով արտայայտել Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը ու փոխանցել








All the contents on this site are copyrighted ©.