2016-10-09 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Թող որ Աստուածամայրը մեզի սորվեցնէ երախտապարտութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարւոյն ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Մարեմեան յոբելեանի եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը­, քաղուած Ղուկասի աւետարանեն  (Գլ 17, 11-19) հաստատեց թէ այդ հատուածը մեզ կը հրաւիրէ զարմանքով ու երախտագիտութեամբ ճանչնալ Աստուածային պարգեւները։

Յիսուս դէպի մահ եւ Յարութիւն տանող ճանապարհին վրայ կը հանդիպի 10 բորոտներու որոնք զայն տեսնելով կը բացագանչեն ''Յիսուս` վարդապետ, գթա մեր վրայ''։ Անոնք հիւանդ էին ու կը փնտռէին անձ մը որ զիրենք բուժէ։ Յիսուս զանոնք տեսնելով կ՛ըսէ ''գացէք դուք ձեզի ցոյց տուէք քահանաներուն''։ Մինչ կ՛երթային մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը որ Սամարացի էր տեսնելով թէ բուժուած է վերադարձաւ` Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն, ու Յիսուսի ոտքերուն իյնալով շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր։ Յիսուս  հարցուց անոր ''միթէ տասն ալ չմաքրուեցա՞ն, ո՞ւր են միւս ինները։ Այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցա՞ւ անոնց մէջ մէկը որ գար եւ փառք տար Աստուծոյ։ Ապա նայելով սամարացի բորոտին ըսաւ ''Ոտքի ել եւ գնայ, հաւատքդ քեզ փրկեց''։

 

Գիտնալ շնորհակալութիւն յայտնել ու փառաւորել Տէրը շատ կարեւոր է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց հարց տալ ''քանի՞ անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ընտանիքի, հասարակութեան ու Եկեղեցւոյ մէջ...ու նշեց թէ Տիրոջ երթալ ու անորմէ բարիքներ հայցել դիւրին է, սակայն վերադառնալ ու շնորհակալութիւն յայտնե՞լը....ասոր համար է որ Յիսուս կ՛ընդգծէ այդ ինը բորոտներու դերութիւնը - դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու նշեց թէ ''այս Յոբելենական օրուան առթիւ մեզի կը ներկայացուի որպէս օրինակ Մարիամը` մեր Մայրը։ Ան հրեշտակին աւետումէն ետք Մեծացուսցէ երգեց Տիրոջ։ Խնդրենք Աստուածամօրմէ որ մեզի օգնէ հասկնալու համար որ ամէն ինչ Աստուծոյ պարգեւ է, ապա գիտնանք շնորհակալութիւն յայտնել, այդ ժամանակն է որ մեր երջանկութիւն կատարել կ՛ըլլայ - ընդգծեց Նորին Սրբութիւնըու հաստատեց թէ ''շնորհակալութիւն սորվելու համար հարկաւոր է հեզութիւնը'' ինչպէս էր  Մարիամի սիրտը` խոնարհ սիրտ մը որ կարող էր ընկալել Աստուծոյ պարգեւները եւ Աստուած` մեր մարդկային կերպարանքը առնելու համար ընտրեց զինք, Նազարէթի պարզ աղջնակը։

Քարոզին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ ինչպէս յաճախ այլ կրօններու պատկան անձինք, օտարականներ, մեզի փոխանցեն արժէքներ  որոնք յաճախ մոռցած ենք ու դիտել տուաւ թէ ան որ մեր մօտ կ՛ապրի, գուցէ մեկուսացուած ու

անտեսուած` որովհետեւ օտար է, մեզի կրնայ սորվեցնել քալել Տիրոջ կամքի ճանապարհին վրայ։ Նմանապէս Աստուածամայրը, իր  Սուրբ Յովսէփ փեսայի հետ միասին, փորձարկեցին օտարութիւնը։ Երկար ժամանակի համար Ան եւս դարձաւ օտարական Եգիպտոսի մէջ, հեռու ընտանիքէն ու բարեկամներէն։ Անոր հաւատքը սակայն կարողացաւ յաղթել դժուարութիւնները։

''Հայցենք Աստուածամօրմէ որ մեզի սորվեցնէ միշտ վերադառնալ Յիսուսին ու երախտապարտ ըլլալ Անոր բոլոր այն բարիքներուն որ մեզի կը շնորհէ իր ողորմածութեամբ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակելով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.