(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Վարդարանը իմ կեանքիս ընկերացող աղօթքն է, որ է նաեւ աղօթքը պարզերուն ու սուրբերուն…ան իմ սրտիս աղօթքն է'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, ուրբաթ 7 հոկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ, ճիշտ այն օրը երբ` Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ ծիրէն ներս սկիզբ առաւ Մարեմեան Յոբելեանը, որուն առթիւ շաբաթ` 8 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է Մարեմեան Հսկում եւ աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, հուսկ նոյն վայրին մէջ Կիրակի 9 հոկտեմբերի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Մարեմեան Յոբելեանի եզրափակիչ սուրբ պատարագը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |