2016-10-08 09:10:00

Փերուճիա - Ասսիզի 2016-ի խաղաղութեան քայլարշաւը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 հոկտեմբեր 2016-ին տեղի կ՛ունենայ Փերուճա - Ասսիզի 2016-ի խաղաղութեան քայլարշաւը որուն այս տարուայ նիւթն է  վերջ դնել ''Յուսալքումի ու անտարբերութեան'' մօտեցումին` պատերազմներու, գաղթականութեան­ ահաբեկչութեան, ջարդերու ու բռնութիւններու նկատմամբ ու դիմադրել` վախ, բաժանում ու յարաբերութիւնները թունաւորող ու  հարցերու լուծումները հեռացնող քաղաքականութեան։ 

Խաղաղութեան ի սպաս վերոնշեալ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է ''խաղաղութեան սեղան'' ընկերակցութեան կողմէ որուն առաջնահերթ գործունէութիւնն ու նպատակն է պահպանել ու կառուցել խաղաղութիւնը։

''Մենք կը հայցենք խաղաղութիւնը նոյնիսկ երբ շատեր կը դադրին այս մէկը ընելէ'' գրած են խաղաղութեան քայլարշաւի կազմակերպիչները, կոչ ուղղելով հանրութեան միանալու իրենց, որպէսզի ձայն տրուի անոնց որոնք ձայն չունին, անոնց որոնք մեկուսացուած են, անոնց որոնք լռութեան ու անտարբերութեան լուծին տակ կ՛ապրին, անոնց որոնք կարիքը ունին խաղաղութեան` որպէսզի լուսաւորեն այն ինչ որ ուրիշներ կը խաւարեն եւ որպէսզի կառուցուի խաղաղութեան նոր քաղաքականութիւն մը։

Յայտնենք թէ Փերուճիա - Ասսիզի 2016-ի խաղաղութեան քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 466 քաղաքներէ երիտասարդներ, ընտանիքներ, ընկերակցութիւններու, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներ։

Քայլարշաւը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 9-ին Փերուճայէն ու վերջ կը գտնէ Ասիզզի մէջ յետմիջօրէի ժամը 3-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.