2016-10-08 15:42:00

Վանականութիւն (ԺԴ)


Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած Յաճախապատում ճառերուն մէջ կը նկարագրուի ճգնաւորներու եւ կրօնաւորներու կեանքը։ Այսօրուան հատուածին մէջ Յաճախապատումը կը խօսի “արդարներու ժողովի, սուրբերու ժողովի կամ սուրբ ժողովի եւ ժողովեալներու բանակներու” մասին։

“Արդարներու կամ սուրբերու ժողով”, եւ կամ “սուրբ ժողով” բացատրութիւնները առնուած են Աստուածաշունչէն (հմմտ. Սաղ 110, 1։ Ղեւտ ԻԳ. 3-8)։ Անոնք ստէպ կը գործածուին քրիստոնէական մատենագրութեան մէջ՝ նշելու համար վանականներ, կրօնաւորներ կամ ճգնաւորներ։

Սուրբ Գրքի մէջ այս բացատրութիւնները կապուած են տօնախմբութիւններու հետ։ Աստուծոյ հաւատարիմները, որոնք կ’անուանուին “արդարներ” կամ “սուրբեր”, կը հաւաքուին միասին՝ Աստուծոյ պաշտամունք մատուցանելու։ Հին Կտակարանը կը նկատէ, որ Շաբաթ օրը հանգստեան օր է եւ սուրբ՝ Տիրոջ նուրիուած, կամ “սուրբ ժողով” է։ Կրօնական տօներն ալ երբեմն Հին Կտակարանի մէջ կը կոչուին “սուրբ ժողով”։

Կրօնաւորներ, որոնք հաւաքաուած են Աստուծոյ պաշտամունք մատուցանելու, զԱստուած փառաբանելու, իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրելու, կը նկատուին “սուրբերու ժողով”։

Հոգեւոր մատենագրութեան մէջ, ուր կը խօսուի կրօնաւորներու մասին, ստէպ կը հանդիպինք նաեւ “հրեշտակներու բանակներ”, “հրեշտակներու կարգեր” կամ “հրեշտակակրօն վարք” բացատրութիւններուն, որոնք նոյնպէս սուրբգրային են։ Կրօնաւորները այն անհատներն են, որոնք իրենց կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրելով, հրաժարած են երկրաւոր բոլոր բարիքներէն, եւ կ’ապրին հրեշտակներու նման՝ որոնք մաքուր հոգիներ են, կ’ապրին միշտ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ եւ կը զԱստուած կը փառաբանեն անդադար։

Յաճախապատումի մէջ կը կարդանք՝ “Եւ ահա այսպէս պէտք է հասկնալ ճգնաւորներու բանակները՝ որոնք հրեշտակային կարգերը կը կրեն երկրի վրայ, եւ որոնք պիտի վերամբառնան նոյն հրեշտակներու կարգերուն՝ անկեալ հրեշտակներու փոխարէն։ Եւ “Անոնք, որոնք կը պահեն իմ պատուիրաններս, կը նախընտրեն այն, ինչ որ ես կը կամենամ, եւ իմ ուխտիս մէջ կը մնան՝ անոնց իմ Տանս մէջ եւ պարիսպէս ներս աւելի անուանի տեղ կու տամ, քան որդիներուն եւ դուստրերուն. անոնց կու տամ յաւիտենական անուն մը, որ պիտի չկորսուի”։ (Ես ԾԶ. 4-5)

Այս աւետիսը ունին սուրբ ժողովեալներու բանակները՝ սուրբ սիրով եւ առաքինասէր վարքերով միացած, նոյնիսկ Աստուածութեան կապուած, ոչ թէ վար բերուած երկնային յոյսէն՝ բանսարկուի պատրանքներու պատճառով, որ կը նախանձի ճգնաւորներու վարքին, եւ միշտ թշնամի է արդարութեան։ Եւ ա´ն է՝ որ կը հրապուրէ եւ կ’օձտէ ճշմարիտ աւանդներէն։ Ոմանք սնափառութեամբ կը բաժնէ եղբայրներէն՝ բարեգործութեան պատճառաբանութիւններով, սնոտի խաբէութեամբ զանոնք մեղքերու տանելով, եւ ան է, որ խորհուրդներու եւ զգայութիւններու միջոցաւ կը ներմուծէ ամբարշտութեան վնասները։

Կրօնաւորները այսպիսի յոյս ունենալով՝ պէտք է մեծ զգուշութեամբ մնան զարգացման ընթացքի մէջ՝ վարքի բարեձեւութեամբ, եւ սրբութեամբ՝ երեւելի եւ աներեւոյթ բաներու մէջ. որպէսզի չզրկուին իրենց առաքինութեան համար շնորհուած՝ հրեշտակներու դասերուն եւ փառքին արժանանալու այնքա´ն պատիւներէն, որ իրենց աւանդուեցաւ Արարիչէն։ Պէտք է լեցնեն վերնայիններու պակասը՝ ներքիններուս առաքինութեամբ վերանալով գետնաքարշներէն. եւ հաղորդակից ըլլան անոնց բարի վարքին, եւ անոնց հետ միաձայն՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան մատուցանեն փառք, անճառելի օրհնութեամբ։

Եթէ կրօնաւորները այսպէս ճշմարիտ հաւատքով արդարանան, եւ անարատ վարքով եւ սուրբ սիրով կրօնաւորին՝ ապա անոնց երկիրը կ’ըլլայ նոր, նորոգուելով՝ Աստուծոյ հաճելի կեանքով, եւ նոր երկինք՝ իր պայծառազգեստութեամբ, ինչպէս ո´չ աչքը տեսած է, եւ ո´չ ականջը լսած է, եւ ո´չ ալ մարդու սիրտը զգացած է. այն, ինչ որ Աստուած պատրաստած է սուրբ կոյսերուն եւ ճշմարտասէր կրօնաւորներուն համար։”

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.