2016-10-08 10:10:00

Սպանիոյ մէջ երանելի կը հռչակուին 4 մարտիրոսներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին Սպանիոյ Օվիետօ անուան մայր տաճարին մէջ տեղի կ՝ունենայ Նեմպրա քաղաքին մէջ  1936-ին,  կրօնային հալածանքներուն զոհ ինկած 4 մարտիրոսներու երանացման արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռի սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյին։

Վերոյիշեալ 4 Մարտիրոսներն են, Նեմպրա քաղաքի ժողովրդապետ Հայր Ժենարօ Ֆուեյօ Կասթանօն եւ իր հօտէն երեք հաւատացեալները՝ Սեկունտօ Ալոնսօ Կոնզալեզ, Իսիտրօ Ֆերնանտեզ Քորտերօ, եւ Անթոնիօ Կոնզալեզ Ալոնսօ։

Յիշեալ   մարտիրոսներու փոքրիկ խումբը մաս կը կազմէ,  Օվիետօ թեմի այլ 193 մարտիրոսներուն, որ բաղկացած է կղերականներէն, քահանաներէն, նորընծաներէն որոնք սպաննուած են 1930 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ։

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսելով վերոյիշեալ 4 մարտիրոսներու երանացման  մասին, տեղեկութիւններ տուաւ 1936-ին պատահած  դէպքերուն մասին, յայտնելով թէ այն ժամանակ կաթողիկէ եկեղեցին ենթարկուած էր մեծ հալածանքներու։

Հանրային դպրոցներուն մէջ արգիլուած էր  դասաւանդել կաթողիկէ վարդապետութիւնը եւ ամէն դասարաններէն վերցուած էին  խաչերը։

Վանքերն ու կաթողիկէ դպրոցները խուզարկութեան ենթարկուած էին ։ 1934-ին , միայն 15 օրուան ընթացքին մահացած են 34 քահանաներ, կրօնաւորներ եւ նորընծաներ։

Հալածանքներուն նպատակն էր բնաջնջել կաթողիկէ եկեղեցին, ջարդելով քահանաները, կրօնաւորները, հրկիզելով եւ քանդելով ամէն ինչ։

ԿարԴինալ Ամաթոն ապա յայտնած է թէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած հալածանքներուն հաշուեկշիռը եղած է  յոյժ սարսափելի։  Սպաննուած են 13 եպիսկոպոսներ, 6838 քահանաներ, կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, ջարդուած են հազարաւոր աշխարհականներ։   

Ապա անդրադառնալով Հայր ժենարօյի մասին, Կրադինալ Ամաթո յայտնած է թէ ան գտնուած է հաւատարիմ Քրիստոսին՝ մինչեւ մահ եւ  սիրուած էր բոլորին կողմէ։

Հայր Ժենարօ խնամք կը տանէր աղքատներուն, եւ հաւատացեալներուն քաջալերելով զանոնք օգնութեան հասնիլ կարիքաւորներուն։ Հայր Ժենարօ մեծ նպաստ ունեցած է միսիոնորական կոչումներու կազմաւորման ծիրէն ներս՝համայն աշխարհին համար։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.