2016-10-08 09:47:00

«Մեթիու» փոթորիկին պատճառած զոհերուն թիւը 842ի կը հասնի Հայիթիի մէջ


Հոկտեմբեր 7ին հաղորդուեցաւ, թէ արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան նահանգները հարուածող «Մեթիու» փոթորիկին հետեւանքով մահացած քաղաքացիներուն թիւը 842ի հասած է Հայիթիի մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ անպատսպար կը մնան։

Հայիթիի իշխանութիւնները նաեւ մտահոգ են, որ երկրին մէջ վերջին քանի մը տարիներուն իր գլուխը ցցած քոլերան կրնայ տարածուիլ՝ փոթորիկին ստեղծած պայմաններուն հետեւանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.