2016-10-07 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Եւրոպայի համահաւաք դասերու եպիսկոպոսներուն յղած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Հոկտեմբեր 6-էն 9 Մոնաքոյի մէջ կայացած, Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու տարեկան ընդհանուր ժողովին առթիւ, Երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղած է յիշեալ համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթեր Էրտոյին որուն մէջ  ողջունած է  Եւրոպայի համահաւաք դասի բոլոր եպիսկոպոսները,  ապահովնցելով անոնց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանք յայտնած է Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու արժէքաւոր նպաստին՝ եղբայրական եւ եկեղեցական կապերու զարգացման ի սպաս, որմէ  կը յայտնաբերուին,  հաղորդութեան կարեւորութիւնը եւ հաւատքին ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա քաջալերած է  եպիսկոպոսները յոյսով յարատեւելու  եւրոպայի ցամաքամասի ժողովուրդներու   ծառայութեան  ուղեւորութեան մէջ , արժէքաւորելով միշտ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկու թոքերը։Ան  ապա խրախուսած է  եպիսկոպոսները լուսաւորելու հաւատացեալներուն խիղճերը,  շնորհելով  անոնց արդարադատութեան եւ կշռադատութեան չափանիշեր, խուսափելով աշխարհիկ մշակոյթէն։

Սրբազան Քահանայապետը գնահատանքի խօսք ուղղած է  կարդինալ Փիթեր Էրտոյին, Եւրոպայի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու  ղեկավարութեան  տասնեակ տարիներու բեղուն գործունէութեան համար, յայտնելով թէ ան  գիտցաւ  ծառայել հեզութեամբ եւ հեռատեսութեամբ,  առաջնահերթ կարգին դնելով միշտ Աւետարանի եղբայրսիրութիւնը։

Հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի, Պենետիկտոս եւ Չիրիլ ու Մեթոտիոս, Պաշտպան Սուրբերու բարեխօսութիւնը  Սրբազան Հայր ապահովեցուցած է իր աղօթքը, որպէսզի Եւրոպայի եկեղեցին միշտ դառնայ դէպի դուրս գացող եկեղեցի մը, Ողորմութեան Աւետարանի ուրախ քարոզիչ ու  յոյսի վկայ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամը աւարտած է խնդրելով եպիսկոպոսներէն որ աղօթեն իրեն համար,  շնորհելով անոնց  իր Առաքելական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.