(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 25 սեպտեմբերին՝ ուշ երեկոյեան, 81 տարեկանին, վախճանած է Չինաստանի Լինհայ թեմի Եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անթոնիօ Քսու Ժիվեյը, որ երկար ամիսներէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանութենէ։
Գերապայծաօ Անթոնիօ ծնած էր 2 ապրիլ 1935-ին Շանկայի մէջ։ Ան 1948- 1958 տարիներուն ստացած է իր ուսումը Շանկայի Նինկօ անուան նորընծայարանին մէջ։
1960-ին ձերբակալուած է ապա դատապարտուած 5 տարի բանտարկութեան, սակայն մի քանի տարիներ ետք չեղեալ նկատուեցաւ անոր դատապարտութիւնը եւ ան մտաւ Շանկայի նորընծայարան, շարունակելու համար Աստուածաբանութեան ուսմունքները։
54 տարեկանին՝ 21 նոյեմբեր 1985ին, ան ձեռնադրուած է քահանայ։ 1987-ին, վերադառնալով իր ծննդավայրի Նինկպօ թեմը, ծառայած է որպէս առաքելական մատակարար եւ Լինհաի թեմի Շիժանկ ժողովրդապետութեան հովիւ։ 1999-ին, Սուրբ Աթոռի կողմէ կը նշանակուի Լինհաի թեմի եպիսկոպոս , որ 1962-էն թափուր աթոռ մնացած էր։
29 սեպտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցած է հանգուցեալի եպիսկոպոսին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած են հազարաւոր հաւատացեալներ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |