2016-10-07 10:27:00

ՄԱԿի պատուիրակը արեւելեան Հալէպէն հեռանալու կոչ կ՛ընէ ահաբեկիչիներուն


Սուրիական պետական լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, թէ բանակը Հոկտեմբեր 6ին կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել Նոր Գիւղի մօտակայ Պոսթան Փաշայի շրջանը, որ կը գտնուէր ահաբեկչական կազմակերպութեան հակակշիռին տակ։ Տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ օդային ռմբակոծումները զգալիօրէն նուազած են Հոկտեմբեր 6ին, առիթ ընծայելով բանակին՝ ցամաքային յառաջխաղացման։

Իր կարգին, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ յանձնակատար Սթեֆան տէ Միսթուրա Հոկտեմբեր 6ին կոչ ըրաւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ յատկապէս «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալներուն, որ հեռանան արեւելեան Հալէպէն, քաղաքային զոհերուն թիւը նուազագոյնի իջեցնելու համար։ Ան յայտնեց, թէ միայն հիւանդանոցներէ ստացած իր տեղեկութիւններուն համաձայն՝ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին 376 հոգի սպաննուած է Հալէպի մէջ, իսկ 1266 ուրիշներ վիրաւորուած են։

Միւս կողմէ, Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն 1 քլմ. հարաւ գտնուող վրանային Աթմէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն հետեւանքով աւելի քան 30 հոգի սպաննուած է. կան նաեւ տասնեակներով վիրաւորներ: Պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, իսկ զոհերուն մեծ մասը Թուրքիոյ դաշնակից սուրիացի զինեալ եղած է։

Վերջապէս, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 6ին հեռախօսային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելով գլխաւորաբար Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու առանցքային հարցերը: Նշենք, որ Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.