2016-10-07 10:12:00

''Կիւլպէնկեան'' հիմնադրամի հոգաբարձու Կիւթերեշ՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար


ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Հոկտեմբեր 5ի ուշ երեկոյեան, վերջապէս կրցաւ համաձայնութիւն գոյացնել կազմակերպութեան յաջորդ ընդհանուր քարտուղարին շուրջ, եւ ըստ տրուած որոշումին՝ Յունուար 2017ին, Պան Քի Մունը պիտի փոխարինէ Փորթուկալի նախկին վարչապետ, 2005-2015 թուականներուն ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կիւթերեշ:

Կիւթերեշ նաեւ Լիզպոնի  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է: Ան, 1956ին հայազգի մեծահարուստ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն ստեղծուած եւ մշակութային, կրթական ու մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող հիմնարկին հոգաբարձու դարձաւ 2013ի Փետրուարին՝ հնգամեայ ժամկէտով:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան շուրջ հիմնական տարաձայնութիւնը Ռուսիոյ եւ արեւմտեան պետութիւններուն միջեւ էր: Ռուս դիւանագէտները կը պնդէին, որ յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը պէտք է ընտրուի արեւելեան Եւրոպայէն, սակայն Հոկտեմբեր 5ին կայացած վեցերորդ քուէարկութեան ընթացքին, Կիւթերեշի ի նպաստ քուէարկած են ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 13ը, իսկ միւս երկու պետութիւնները ձեռնպահ մնացած են։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.