2016-10-07 09:20:00

7-10 հոկտեմբերին Կարդինալ Սանտրի կ՛այցելէ Լիբանանը


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, 7-10 հոկտեմբեր 2016-ին կ՛այցելէ Լիբանանը, նախագահելու համար Պէյրութի Առաքելական Փոխանորդ` Գերապայծառ Սեզար Եսայեանի Եպիսկոպոսական Օծման արարողութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 8 հոկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Սուրբ Լուիս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Լիբանան ժամանելուն` 7 Հոկտեմբերին, Կարդինալ Սանտրի պիտի մասնակցի Լիբանանի  ազգային վերանորոգուած թանգարանի բացման արարողութեան որուն ներկայ կը գտնուի նաեւ Իտալիոյ արտգործ նախարար` Փաոլօ Ճենթիլոնին։ 

Լիբանան կեցութեան ընթացքին ծիրանաւորը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մարոնիներու պատրիարք Կարդինալ Ռայիի հետ­,  Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  եպիսկոպոսներուն որոնք այս օրերուն գումարած էին իրենց սիւնհոդոսը գլխաւորութեամբ Ասորի Եկեղեցւոյ գերերջանիկ Եունան  Պատրիարքին ։ Կարդինալ Սանտրի պիտի այցելէ նաեւ Մալթայի Ասպետական կարգի խնամակալութեան տակ գտնուող գաղթականներու ճամբարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.