2016-10-06 11:53:00

Սուրիոյ մանուկներու աղերսագիրը ուղղուած Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ բարեսիրական կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մանուկներու մասնակցութեամբ կազմակերպած է ''Peace for Children'' բնաբանով խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկ մը, որ մաս կը կազմէ Սուրիոյ կաթողիկէ  եւ օրթոտոքս հասարակութիւններու խաղաղութեան ի սպաս միասնական քարոզարշաւի մը եւ որ կը նախատեսէ Սուրիոյ մանուկներուն  կողմէ պատրաստուած ու ստորագրուած խաղաղութեան ի սպաս աղերսագիրը  յանձնել  Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն։

Մինչ՝ 7 հոկտեմբերին, Սուրիոյ քրիստոնեայ զանազան կեդրոններու մէջ կազմակերոուած է ''Action Day for Peace'' բնաբանով ձեռնարկ մը որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան գեղարուեստական ներկայացումներ ու աղօթքներ։

Որպէս այս մանուկներու ու պատանիներու ''դեսպաններ'' Սուրիոյ մանուկներու աղերսագիրը, ԵՄ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն պիտի յանձնեն Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի երեք պատրիարքները ՝Յոյն Օրթոտոքսներու՝ Յովհաննէս Ժ Պատրիարք, Ասորի Օրթոտոքս Եփրեմ Բ Պատրիարք ինչպէս նաեւ Մելքիթներու Գրիգոր Գ Պատրիարքը։ Անոնք , յառաջիկայ 10- 13 հոկտեմբերին նախ պիտի մեկնին Պրուքսել ապա Ճընեւ

ԵՄ ու ՄԱԿ-ին ներկայացուցիչներուն յանձնելու համար վերոնշեալ  խնդրագիրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.