2016-10-06 10:42:00

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ առանց նախապայմանի նախագահական ընտրութիւն կատարելու


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ վերահաստատեց անցեալ կիրակի օրուան Ռայի պատրիարքին արտասանած քարոզին բովանդակութեան իր կառչածութիւնը, յատկապէս սահմանադրութենէն եւ անոր սկզբունքներէն անշեղ մնալու առումով:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ առանց նախապայմանի նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

«Հանրապետութեան նախագահը, որ ըստ սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածին, լիբանանեան պետութեան նախագահն է եւ երկրին միասնականութեան խորհրդանիշը, կը հսկէ սահմանադրութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան, միասնականութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանումին` սահմանադրութեան կէտերուն համաձայն: Ազգային իր այս գերագոյն պարտականութիւնը կատարելու համար, հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ազատ. այդ ժամանակ է միայն, որ ան կ՛ըլլայ իրաւարար եւ ոչ թէ կողմնակալ, ինչպէս նաեւ բառին բուն իմաստով երկրի ղեկավար եւ ոչ թէ պատկեր մը», նշուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ անշեղ մնալու Ազգային ուխտէն` պահպանելու համար երկրին ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւնն ու բազմազանութիւնը:

Խորհուրդը գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զոհողութիւնները` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ երկրին սահմաններն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու առումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.