2016-10-06 12:00:00

Հրապարակուեցաւ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդասական ԺԵ ընդհանուր ժողովի թուականն ու նիւթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող  Եպիսկոպոսաց սովորական ընդհանուր ժողովին, որուն մէջ նշուած է.

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ խորհրդակցելէ ետք  Եպիսկպոսաց համահաւաք դասերու, Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամներու հետ­, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով անցեալ սիւնհոդոսական  ժողովի հայրերու խորհուրդը,  եւ ԺԴ սովորական խորհուրդի կարծիքը,  որոշեց թէ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2018-ին, տեղի պիտի ունենայ եպիսկպոսաց սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր  ժողովը, որուն  նիւթը պիտի ըլլայ ՝՝Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի կշռադատումը'' ։

Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է,  թէ յիշեալ ԺԵ եպիսկոպոսաց ընդհանուր ժողովի նիւթը ­ արտայայյութիւնն է երիտասարդներու  նկատմամբ` եկեղեցւոյ հովուական խնամակալութեան յանձնառումին,  եւ շարունակութիւն է ընտանիքի մասին վերջերս կայացած եպիսկոպոսաց ժողովէն բխած  նիւթին, ինչպէս նաեւ Amoris Laetiti  Ֆրանչիսկոս Պապի յետ սիւնհոդոսական յօրդորագիրի պարունակութեան։

Սիւնհոդոսի նպատակն է ընկերանալ երիտասարդներու  իրենց գոյութենական ուղեւորութեան մէջ՝ դէպի հասունութիւն՝ կշռադատումի գործընթացի միջոցաւ,­  որպէսզի անոնք կարենան հասկնալ իրենց կեանքի ծրագիրը ու զայն իրականացնել  ուրախութեամբ բացուելով Աստուծոյ ու մարդոց հետ հանդիպումին ու գործօն կերպով մասնակցելով Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կառուցման։

Տուեալ ի վատիկան 6 Հոկտեմբեր 2016-ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.