2016-10-06 08:54:00

Կաթողիկէ եւ Անկլիքան Եկեղեցիներու միութենական աշխատանքներու միասնական յատարարութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 2016ի Հոկտեմբեր 5ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ եւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի, Սուրբ Գրիգոր Մեծի եկեղեցւոյ մէջ, Սան Կրեկորիօ ալ Չելիօ, կատարեցին միասնական յայտարարութիւն մը՝ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան Եկեղեցիներու միութենական աշխատանքներուն նկատմամբ։

Երկու Եկեղեցիներու մէջ կատարուած միութենական շարժումը սկսած էր 50 տարիներ առաջ, Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետի ժամանակ, ուր ան յայտարարութիւն մը կատարած էր Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Մայքըլ Ռամզիի հետ։ Անոր օրինակին հետեւած էին նաեւ իր յաջորդները՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ Սուրբ Յովհաննէ Պօղոս Բ. քահանայապետերը։ Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս ժամանակին Գրիգոր Մեծ Քահանայապետ՝ Օգոստինոսը ուղարկած էր աւետարանելու անկլոսաքսոն ժողովուրդներուն։ Անոնք հետեւած էին Քրիստոսի կոչին՝ քարոզել Աւետարանը աշխարհի բոլոր ծագերուն։ Այսօր սակայն աշխարհի ծագերը պարզապէս աշխարհագրական իրականութիւններ չեն, այլ կոչում մըն է՝ քարոզելու փրկութեան Աւետարանը բոլորին, եւ յատկապէս անոնց, որոնք կը գտնուին մեր ընկերութեան լուսանցքին եւ արուարձաններուն վրայ։

1966ի հանդիպումին, կազմուած էր Անկլիքան-Կաթողիկէ Միջազգային Խորհուրդը, որուն նպատակն էր հետապնդել աստուածաբանական երկխօսութիւնը երկու Եկեղեցիներու միջեւ։ 50 տարիներու ընթացքին ան տուած է գնահատելի արդիւնքներ, եւ կը շարունակէ իր աշխատանքը նաեւ ներկայի մէջ, ուր նոր իրավիճակներ եւ մարտահրաւէրներ երեւան կու գան։ Այսօրուան խնդիրներն են զ.օր. կիներու քահանայական օծումը եւ մարդկային սեռայնութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցական իշխանութեան հայող որոշ հարցեր, որոնք տակաւին կը մնան առանց լուծման։ Միասնական Յայտարարութիւնը կը նշէ սակայն, թէ լուծումներու բացակայութիւնը պէտք չէ յուսալքումի պատճառ դառնայ։ Եկեղեցական իշխանաւորները վստահած են Աստուծոյ շնորհքին եւ նախախնամութեան, որովհետեւ Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդով մենք բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք Ի Քրիստոս։ Յայտարարութիւնը նկատել կու տայ, որ տարբերութիւններէն աւելի խոր է մեր հասարակաց հաւատքը։               

Ապա կը յիշուի, թէ յայտարարութեան բուռն իղձն է, որ բոլորը հաւատան, որ Աստուած իր Որդին Յիսուս ուղարկեց աշխարհ, որպէսզի Ան փրկէ աշխարհը չարէն։ Երկու Եկեղեցիները, միասնաբար պէտք է վկայեն այս հաւատքը, եւ ըլլան միասիրտ հասարակաց խնդիրներու մէջ, պահելու եւ պաշտպանելու բոլոր մարդոց արժանապատուութիւնը։ Վերջապէս, բոլոր կողմերու նպատակն է՝ հասնիլ ամբողջական միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.