2016-10-05 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Vodafone ընկերութեան հիմնարկութեան ղեկավարներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Vodafone հիմնարկութեան աւելի քան 40 ղեկավարներուն հետ ու այս առթիւ անոնց  ուղղած Ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերութեան կողմէ ձեռնարկուած ''Instant Schools for Africa'' ծրագրին համար, նկատելով թէ յիշեալ ծրագիրը հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ ափրիկէի երիտասարդներուն ՝ համացանցի  միջոցաւ հասնիլ  դաստիարակչական կարեւոր աղբիւրներուն։

Շարունակելով անդրադառնալ Ափրիկէի համար vodafone ընկերութեան ծրագրին, Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ ան մաս կը կազմէ հանրային եւ անձնական ընկերութիւններու միջամտութիւններուն, աւելի զօրաւիգ, եղբայրասէր աշխարհի կառուցման համար, որ կարող է հնարաւորութիւն շնորհել այն մարդոց ու հասարակութիւններուն, որոնք մեկուսացումի վտանգի ենթարկուած են։

Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնելով վերոյիշեալ ձեռնրակին համար, մաղթանք յայտնեց, որ երիտասարդներուն շնորհուած ծրագիրներուն ընդմէջէն հասանելի ըլլայ  նաեւ զանազան լեզուներով տարբեր  կրօններու Սուրբ  Գրային թղթածրարները,  որպէս գեղեցիկ խթան եւ ուշադրութիւն կրօնական ոլորտին, որ արմատացած է Ափրիկեցի ժողովուրդի մէջ ինչպէս նաեւ քաջալերական միջ - կրօնական երկխօսութեան։  

Ֆրանչիկսոս Պապ խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բջիջային ընկերութեան ղեկավարներուն  բարձր արժեւորելով վերոյիշեալ ծրագիրը ,համարելով զայն կառուցողական ծրագիր ու յայտնելով թէ այսօր՝ պէտք է ըլլանք կառուցողական, կատարել գործեր, որոնք մարդկութիւնը յառաջ կը տանին, եւ ոչ  թէ միայն ականատես ըլլալ մանուկներու, անմեղներուն, համայն քաղաքներու հռթիռակոծման։

՝՝Կառուցել ոչ թէ կործանել'' շեշտեց Սրբազան Հայրը  աւարտելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.