2016-10-05 17:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց՝՝մարզանք եւ հաւատք'' համագումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին  կողմէ կազմակերպուած ''մարզանքը մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս''  խորագիրը կրող միջազգային համագումարի մասնակիցներուն հետ, որոնց շարքին էին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր  քարտուղար` Պան քի Մուն եւ Ողիմպիական միջազգային կոմիտէի նախագահ Տոքթ. Թոմաս Պախ։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ճանֆրանօ Ռավազիին, ՄԱԿ-ի  ընդհանուր քարտուղարին, ինչպէս նաեւ համագումարին մասնակիցներուն։

Խօսելով մարզանքին մասին, Սրբազան Հայրը յայտնեց ,թէ մարզանքը մարդկային բարձր արժէքաւոր գործունէութիւն մըն է,  ան կարող է հարստացնել մարդոց կեանքը, որմէ կրնան արդիւնք ու ուրախութիւն քաղել ամէն ազգի, ցեղի, ինչպէս նաեւ կրօնքի պատկան  այր մարդիկ ու կիներ,։ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Ողիմպիական խաղերու կարգախօսին՝Աւելի արագ, աւելի բարձր, աւելի զօրաւոր , յայտնելով թէ ան հրաւէր մըն է զարգացնելու համար Աստուծոյ՝ մեզի տուած տաղանդները։

Սրբազան Հայրը հուսկ  թուեց մարզանքի  մի քանի յատկանշիշեր,

Զանազան շարժումներուն մէջ  ներդաշնակութեան գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ ներդաշնակութիւն՝ խմբային խաղերուն մէջ։

Մարզանքը առանձնաշնորհում չէ միայն բարձր մարզական ճկունութիւն ունեցող անձերուն,  կամ մրցումներ կատարելու համար այլ կայ նաեւ սիրողական մարզանք, որ կը նպաստէ մարդու առողջապահութեան ,  ինչպէս նաեւ  յաղթելու եւ պարտուելու  գիտակցութեան։

 Սրբազան Հայրը ապա շեշտ դրաւ  մարզանքի ներառումի արժանիքին վրայ յարելով, թէ գեղեցիկ է գիտնալ, որ կան համաշխարհային մարզական հաստատութիւններ­­ որոնք իրենց ստերուն մէջ  քաջութեամբ  զետեղեցին  ներառումի արժանիքը։

Այս առնչութեամբ  թուեց  մի քանի օրինակներ.  համա-ողիմպիական շարժումը եւ այլ մարզական ընկերակցութիւնները որոնք կը զօրակցին անկար անձերուն։

Ֆրանիսկոս Պապ  ապա ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց  այն մանուկներն ու պատանիները որոնք կ՝ապրին մեկուսացուած ընկերութեան մէջ, այն մանուկները որոնք աղքատ թաղերուն մէջ լաթէ շինուած գնդակով Ֆութպոլ կը խաղան։ Այս  ուղղութեամբ  

քաջալերեց մարզական հաստատութիւնները, ընկերային եւ դաստիարակչական կազմակերպութիւնները, միասնաբար աշխատանք տանելու, որպէսզի ճամբաները թափառող մանուկներուն  նաեւ հասանելի դառնայ  պատուաւոր մարզանքը՝ յատկապէս աղքատութեան պատճառաւ մեկուսացուած մանուկներուն։

Սրբազան Հայր ապա հրաւիրեց մարզանքի ներկայացուցիչները ու ընկերութիւնները որոնք մարզական դէպքերու քարոզարշաւ կը կազմակերպեն, պահպանելու մարզանքի հարազատութիւնը եւ զայն պաշտպանել առեւտուրի շահագործումէն։

՝՝Մարզանքին մէջ ինչպէս նաեւ կեանքին մէջ կարեւոր է պայքարիլ արդիւնք արձանագրելու  համար, սակայն  լաւ խաղալ՝ պարկեշտութեամբ ՝՝աւելի կարեւոր է ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզանքի ներկայացուցիչներուն իրենց  ի գործ դրած ջանքերուն՝  կաշառակերութեան  եւ ձեռնմխելիութեան պայքարին մէջ եւ այս առնչութեամբ յայտնեց թէ Ինք գիտակից է ՄԱԿ- կաշառակերութեան դէմ պայքարի քարոզարշաւին։

՝՝Երբ որ մարդիկ կը պայքարին ստեղծելու համար արդար եւ թափանցիկ ընկերութիւն մը, անոնք կը համագործակցին Աստուծոյ Արարչագործութեան հետ՝՝ ըսաւ Սրբազան հայր ներկաներուն շնորհելով Իր Առաքելական օրհնութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.