2016-10-05 10:01:00

ԱՄՆ կ՛աջակցի ԼՂ հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման


Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման:Մ Այս մասին լրագրողներու հետ ամենօրեայ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամուլի գրասենեակի տնօրէն Էլիզապեթ Թրիւտոն:

«Մենք կը շարունակենք աշխոյժօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ: Ինչպէս գիտէք, մենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր ենք: Հակամարտութեան նկատմամբ մեր երկարաժամկէտ դիրքորոշումը, որ կը կիսեն Մինսկի խումբի համանախագահները, կարգաւորումն է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ, որ կը ներառէ Հելսինքեան եզրափակիչ վճիռ, ուժի չկիրառման կամ սպառնալիքի սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնորոշումը»,- ըսած է Թրիւտոն:

Ան նշած է, որ խաղաղութեան պատասխանատուութիւնը ինկած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն վրայ` ընդգծելով հակամարտութեան բանակցային խաղաղ կարգաւորման ուղիներու որոնման հարցով անոնց ունեցած կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.