2016-10-04 09:43:00

Վստահինք Աստուծոյ Ողորմութեան


«Այն ժամանակ Յիսուս խօսք առաւ եւ ըսաւ.« կը գովաբանեմ քեզ, Հայր Տէր երկնքի եւ երկրի, որովհետեւ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն, բանգէտներէն եւ յայտնեցիր զայն մանուկներուն»  (Մատթէոս 11:25)։

 Յաճախ կը գտնուինք յուսալքութեան մէջ, կը մոռնանք Աստուծոյ հետ խօսելու ձեւերը, կը մոռնանք որ իր ողորմութիւնը շատ մեծ եւ առատ  մեր վրայ , սակայն մեր քրիստոնէական կեանքը մեզի յաճախ կը յիշեցնէ թէ մենք ունինք սիրելի անձեր որոնք երկինքէն մեր վրայ կը հսկեն եւ կ՛ուզեն շնորհել մեզի պէտք եղած սէրը եւ ողորմութիւնը:

       Պէտք է յաճախ Յիսուսին ըսենք ու կրկնենք  թէ մեր կեանքը կը գտնուի իր ձեռքերուն մէջ եւ առանց իրեն ոչինչ կրնանք ընել եւ անոր համար միշտ պիտի ջանանք աղօթել իրեն, ապրիլ իբրեւ հաւատարիմ քրիստոնեայ, գործածելով այն շնորհները զորս ան կուտայ մեզի ճանչնալով մեր անկարողութիւնը, «Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ» (Սաղմոս 123: 2)։

         Հաւատքով , վստահութեամբ եւ խոնարհ սրտով դառնանք իրեն աղօթքի այս պահուս իրմէ թախանձագին խնդրելու որ Քրիստոս միշտ մեզի հետ ըլլայ եւ մեր մօտը մնայ:

     Աստուած կ’ուզէ բարեկամանալ խոնարհներուն հետ եւ զինք չի հետաքրքրեր թէ  ո՛վ է ամենափոքրը իր հասարակութեան մէջ, ինք՝ որ Տէրն է երկինքի եւ երկրի, այնքան կարեւորութիւն չի տար մեր գիտական հնարքերուն ու գործելակերպերուն, որովհետեւ յստակ կերպով  կը  մեզի կը յիշեցնէ թէ ինքն է Ճանապարհը որուն միջոցաւ կրնանք ճանչնալ Հայրը։

          Քսան ու մէկ դարերու գիտութիւնները չեն կրնար մեզի ցոյց տալ մեր երկնային Հօր ճանապարհը եւ ոչ ալ մեզի կրնան իրեն հասցնել, այլ մեր հաւատքը եւ ջերմեռանդութիւնն է որ մեզ կը հասցնեն սրբութեան եւ մեր միջոցներով:

        Սրբուհի Թերեզան իր ինքնակենսագրութեան  մէջ մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս միշտ ջանացած է սրբութեան ճամբէն քալել եւ ըլլալ սրբութիւն, երկնաւոր Հօր աշակերտուհի եւ վկայ: Ինքզինք կը նմանցնէ պզտիկի մը որ կը գտնուի աստիճանին ստորոտը փափաքը ունենալով վեր ելլելու։ Այս նմանութեամբ կամաց կամաց աւելի ու աւելի կը սիրէ Յիսուսը, ինչպէս նաեւ իր մայրապետները եւ նորընծայուհիները,  այնպէս ինչպէս Յիսուս սորվեցուց մեզի իր աւետարանին մէջ. «Ես կու տամ  ձեզի նոր պատուիրան մը, որպէսզի զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք» (Յոէհաննէս 13:34)։

           Այս սիրոյն աստիճանին վրայ, մենք կը փորձենք մեր պզտիկ քայլերով հասնիլ Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան եւ այսպէսով կը հանդիպինք Աստուծոյ  որ կ’ընդունի մեզ  իր արքայութեան մէջ. ասոր համար Սրբուհի Թերեզան կ՛ըսէ թէ ոչ մէկ արգելք դրուած է մեր առջեւ սրբութեան հասնելու եւ ըլլալու հաւատքի ճշմարիտ վկաներ:

       Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը կրկնէ մեզի թէ Քրիստոս Աստուծոյ ողորմութեան դէմքն է: Իրեն դիմենք որպէսզի  իրեն նման  ունենանք ողորմութեան շնորհքը աւելի հասկնալու եւ ապրելու մեր քրիստոնեայի առաքելութիւնը, ըլլալու ճշմարիտ վկաներ Աստուծոյ խօսքին եւ սիրոյ։ Ամէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.