2016-10-03 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջազգային առաքելական 16-րդ ճամբորդութեան աւարտին, Ազրպէյճանէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, երկար զրոյց մը ունեցաւ իր հետ ճամբորդող 75 լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած զանազան հարցումներուն։

Առաջին հարցումը ուղղեց Վրաստանի հեռուստակայանէն լրագրող մը որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին Վրաստան այցելութեան համար, որ եղաւ քաջալերանք Վրաստանի կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութեան։ Լրագրողը ապա ընդգծեց Վրաստանի պատրիարքին հետ հանդիպման կարեւորութիւնը ու հարց տուաւ Քահանայապետին թէ որո՞նք են անոր սպասումները այդ հանդիպումէն ետք։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց թէ ինք Վրաստանի մէջ ունեցաւ երկու անակնկալ` առաջինը նոյնինքն Վրաստանն էր, ''Ես երբեք չէի կրնար երեւակայել այնքան մշակոյթ, այնքան հաւատք ու այնքան քրիստոնէութիւն'' ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Վրաստանի Քրիստոնէական աւանդին։ ''Իսկ երկրորդ անակնկալը եղաւ Պատրիարքը` որ է Աստուծոյ Մարդ, որ զիս յուզեց'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ընդգծեց թէ երկու եկեղեցիներու միջեւ աւելի միացնող իրականութիւններ կան  քան բաժանող իրողութիւններ ու թելադրեց վարդապետական հարցերը թողուլ Աստուածաբաններուն մինչ ''ժողովուրդը պէտք է աղօթէ մէկը միւսին համար, ապա միասին գործէ ի սպաս աղքատներուն, գաղթականներուն…այս է, ըսաւ Սրբազան Պապը համամիութեան ընթացքը։ Սկսինք միասին քալել''։

Երկրորդ հարցումը` ուղղուած Գերմանացի լրագրողի մը կողմէ կը հայէր Արցախի հակամարտութեան։ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ինք երկու ճառերու մէջ անդրադարձաւ այդ հարցի մասին, որոնց մէջ ընդգծեց նաեւ կրօններու դերակատարութիւնը։ Կարծեմ թէ միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է, անկեղծ երկխօսութիւնը, առանց գաղտնիքներու, դէմ դիմաց։ Անկեղծ բանակցութիւն։ Եւ եթէ այս մէկը կարելի չէ, քաջութիւն ունենալ դիմելու միջազգային դատարանի, միջազգային քրէական դատարանի, ու ենթարկուիլ միջազգային դատաստանին։ Այլ ուղի մը չեմ տեսներ։ Այլընտրանքը պատերազմ է ու պատերազմը միշտ կը կործանէ, պատերազմով ամէն ինչ կը կորուսի։ Իսկ Քրիստոնեաներուն համար աղօթքը կարեւոր է, աղօթել խաղաղութեան համար որպէսզի այդ սրտերը ընտրեն երկխօսութեան ճանապարհը, բանակցութեան ճանապարհը եւ կամ միջազգային դատարանի դիմում կատարելու ճանապարհը։ Այսպիսի հարցեր ունենալ կարելի չէ։ Կովկասեան երեք երկիներն ալ ունին հարցեր։ Վրաստանը եւս հարցեր ունի Ռուսիոյ հետ։ Շատ ակնյայտ չէ, սակայն հարց մըն է ու կրնայ աճիլ…Հայաստանն ալ երկիր մըն է առանց բաց սահմաններու, հարցեր ունի Ազրպէյճանի հետ։  Եթէ չ՝ընտրուի երկխօսութեան ու բանակցութեան ճանապարհը` հարկաւոր է  է դիմել միջազգային դատարանի։ Այլ ճանապարհ չկայ։ Ապա աղօթքը` աղօթք խաղաղութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատասխանեց ապա ամուսնութեան ու ապահարզանի մասին հարցումի մը հաստատելով թէ ''Ամորիս Լեթիցիա'' շրջաբերականին մէջ պարունակուած են այդ հարցումին պատասխանները։ Աստուած այր ու կին ստեղծեց մարդը իր պատկերին համաձայն ու երբ այդ երկու կը միանան կը դառան մէկ մարմին իսկ երբ  բաժանում կը ստեղծուի հարկաւոր է ''գթութեամբ'' հետեւիլ անոնց։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց ամուսնութեան դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմի մը ու խօսելով ''Ճենտեր''գաղափարախօսութեան մասին հաստատեց թէ ինք իր քահանայական կեանքի ընթացքին յաճախ ընկերացած է եւ օգնած է միասեռական անհատները վերագտնելու Տէրը ու մօտենալու համար անոր։ Անձերը կարիքը ունին առաջնորդութեան։ Յիսուսը նոյնը պիտի ընէր այսօր։ Այն ինչ որ կը դատապարտեմ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը միասեռականները չեն կամ իրենց սեռական բնութիւնը փոխողները չեն այլ դպրոցներու մէջ ներմուծուած գաղափարախօսութիւնն է  որ հակառակ է Աստուծոյ կամքին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանելով այլ հարցումի մը հաստատեց թէ մօտ օրէն այցելութիւն պիտի տայ Իտալիոյ մէջ վերջերս երկրաշարժի թիրախ դարձած տեղահանուածներուն ու զայն պիտի ընէ առանձնապէս` որպէս քահանայ, որպէս եպիսկոպոս որպէս Քահանայապետ եւ կ՛ուզէ մօտիկ ըլլալ այդ մարդոց։ Ապա նշեց թէ ուսումնասիրութեան մէջ են նոր կարդինալներու նշանակումները։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց յառաջիկայ ամիսներուն կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն մատնանշելով թէ ծրագիրի մէջ է Փորթուկալ այցելութիւնը` յատկապէս Ֆաթիմայի Սրբավայրը, ապա վստահաբար հնդկաստան ու Պանկլատէշ մինչ տակաւին կ՛ուսումնասիրուի ափրիկեան երկրի մը այցը  որ կախեալ է քաղաքական կացութենէն։ Նորին Սրբութիւնը  իղձ յայտնեց այցելել նաեւ Քոլոմպիան, երբ` ըսաւ Ան, բանակցութիւնները կը յանգին վերջնական  ու միջազգային հասարակութենէն ընդունուած արդիւնքի։ Ան ապա յայտնեց իր իղձը այցելելու Չինաստանը հաստատելով թէ Վատիկան – Չինաստան յարաբերութիւնները լաւ են, ու անդրադարձ կատարեց պատերազմներուն ու խաղաղութեան կարեւորութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ու քաղաքական կազմաւորում ունենալու հարկաւորութեան։

Զրոյցի աւարտին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Կովկասեան երեք երկիրներուն կատարած իր այցելութեան հաստատելով թէ այդ երեք երկիրներու նախագահները եկած էին Վատիկան ու զինք հրաւիրած էին այցելելու համար իրենց երկիրը։ Հայերը, ըսաւ Սրբազան Պապը, հպարտ են, հպարտ են իրենց հայութեամբ եւ ունին կարեւոր պատմութիւն մը, գրեթէ ամէնքը Քրիստոնեայ են, մեծամասնութեամբ առաքելական, ապա կաթողիկէ եւ փոքրիկ խումբ մը բողոքական։ Վրաստանը նաեւ Քրիստոնեայ երկիր է` սակայն օրթոտոքս եւ կաթողիկէները փոքրաթիւ են մինչ Ազրպէյճանը 96/98 առ հարիւրով իսլամ է ու այնտեղ կ՛ապրին միայն 600 քրիստոնեաներ։ Ես անոնց մօտ գացի որովհետեւ 'արուարձանի'' քրիստոնեաներ են եւ իրականութիւնը աւելի լաւ կը տեսնուի արուարձանէն քան կեդրոնէն հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ապա լրագրողներուն մաղթեց բարի աշխատանք ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.