2016-10-03 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2 հոկտեմբերի թուիթները ''Աստուած աշխարհը կը փոխէ մեր սրտերու ընդմէջէն''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբեր 2016-ին, Ատրպէյճան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց  թուիթ մը որուն մէջ դիտել տուաւ թէ Աստուած Աշխարհը կը փոխէ մեր սիրտերուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելով , եւ Աստուծոյ հրաշալիքները տեղի կ՝ունեան վստահելի եւ բաց սիրտերուն մէջ։  

՝՝Աստուած կը փոխէ աշխարհը կերպանափոխելով մեր սիրտերը։ Ան կրնայ  հրաշալիքներ գործել այնտեղ ու որ բաց եւ վստահելի սիրտ կը  գտնէ'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւն ապա հրապարակեց այլ երկու թուիթներ որոնց մէջ գրեց

՝՝Երկխօսել եւ աղօթել բոլորին համար , ասոնք են մեր միջոցները ծագեցնելու համար խաղաղութիւն եւ սէր՝ հոն ուր ատելութիւն կը տիրէ, ու ներում հոն ուր նախատինք կայ''։

Այլ թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց

Տէրը որ  զանազանութիւններու մէջ համերաշխութիւն  կը ստեղծէ, թող միշտ պաշտպանէ այս սիրելի կովկասեան երկիրները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.