2016-10-03 11:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց 16-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը ու վերադարձաւ Վատիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբերին, Պաքուի Հեյտար Ալիեւ անուան մզկիթին մէջ միջ-կրօնական հանդիպումէն ետք,  Ֆրանչիսկոս Պապ  ուղղուեցաւ Պաքուի Հեյտար Ալիեւ անուան միջազգային օդակայան, ուր  տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւն, ի ներկայութեամբ Ազրպէյճանի Փոխ Վարչապետին, որմէ ետք Նորին սրբութեան փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ երեկոյեան ժամը 7.00ին, ու 4 ժամ եւ 45 վայրկեան տեւողութեամբ թռիչքէ ետք, վայրէջք կատարեց հռոմի միջազգային օդակայան՝ երեկոյեան ժամը 10.00ին ։

Ֆրանչիսկոս Պապի փոխադրող օդանաւը սաւառնեցաւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Պոզնիա հերցեկովինայի, Խրուաթիոյ ապա Իտալիոյ օդային տարածքներու վրայէն։

Աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ  հեռագիր ուղղեց  յիշեալ սաւառնած երկիրներու նախագահներուն։

 Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած հեռագիրին մէջ նորին Սրբութիւն յայտնած  է իր խորին երախտագիտութիւնը ջերմ ընդունելութեան համար, ապա հայցեց  խաղաղութեան ու բարգաւաճումի Աստուածային օրհնութիւններ։

Վրաստան – Ազրպէյճան կատարած միջազգային 16-րդ ճամբորդութիւնը կ՛ամբողջացնէր Նորին Սրբութեան կովկասեան շրջան առաքելական  այցելութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ Յունիսին Հայաստանի այցելութեամբ։

Վերոնշեալ ճամբորդութիւնը հանդիսացաւ Իտալիոյ Սահմաններէն դուրս ժամանակակից շրջանի Քահանայապետական 153 առաքելական ճամբորդութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.