2016-10-03 14:28:00

Քահանայապետական անուանում


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 3 հոտկեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Արեւելեան Եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ՝  Կարդինալ Լենորատօ Սանտրի նշանակուած է որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու` յառաջիկայ 15-16 հոկտեմբերին Յորդանանի մէջ  նշուելիք,  Նեպօ Լերան վրան գտնուող Մովսէս անուան սրբավայրին վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.