2016-10-03 12:36:00

Խաղաղ բնակչութեան դէմ հրթիռարձակումները կը շարունակուին Հալէպի մէջ։


Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին շարունակեցին հրթիռարձակումները հալէպի խաղաղ բնակչութեան վրայ:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք հրթիռակոծումի թիրախ դարձաւ Թելեֆոն Հաուաիի շրջանը: Ինչպէս նաեւ Ազիզիէ շրջանի գրախանութ «Ղասսան»ի շրջակայքը: Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ը:

Իսկ այսօր, երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, զանազան շրջաններ անգամ մը եւս թիրախ դարձան հրթիռներու ինչպէս Նուր Գիւղի մզկիթին մօտ լուծարան «Նուր»-ի շէնքը, բարեբախտաբար չպայթեցաւ:

Երկու օրուան ընթացքին ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Միւս կողմէ կը շարունակուի սուրիական բանակի զինուորական ծանր գործողութիւնները զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.