2016-10-02 09:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Պաքուի Սալեզեաններու Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբերին՝  տեղական ժամով 10,30-ին,  Իտալիոյ ժամով 8,30-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ , Պաքուի Սալեզեաններու Անարատ յղութեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։ Այս առթիւ արտասանած քարոզը Սրբազան Հայրը  կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ,  ընդգծելով կեանքի  էական երկու երեւոյթներ՝ հաւատք եւ ծառայութիւն։
Հաւատքի մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց Ամբակում մարգարէի Տիրոջ կատարած խնդրանքը,  որուն մէջ մարգարէն Տիրոջմէ  օգնութիւն կը հայցէ խաղաղութեան եւ արդարութեան  կերտման  համար . ըսելով ՝՝Մինչեւ ե՞րբ, Տէր, աղօթեմ, բայց դուն չլսես (Ամբակում 1,2)

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ ՝՝Աստուած, պատասխանելով հանդերձ՝ անմիջապէս  չի միջամտեր,  չի լուծեր  կացութիւնը ուժի ներգործութեամբ։ Ընդհակառակը,  Ան կը հրաւիրէ սպասել համբերութեամբ, երբեք չի յուսալքուելով։

Սրբազան Հայրը յիշելով Ամբակում մարգարէին խօսքը  ՝՝Որովհետեւ մարդը իր հաւատքին համար պիտի ապրի՝՝ (Ամբակում 2,4)  յարեց թէ Աստուած  յատկապէս կ՝ընդգծէ  հաւատքի կարեւորութիւնը։  Աստուած  մեր հետ  նաեւ այսպէս կը վարուի.  ան  անմիջապէս չʼընդառաջեր մեր իղձերուն, որոնք կ՝ուզեն աշխարհը եւ ուրիշները փոխակերպել, այլ Ամենակալը, նախ եւ առաջ կ՝ուզէ  սիրտը բուժել, իմ քու եւ իւրաքանչիւրին սիրտը։

Աստուած կերպարանափոխելով մեր սրտերը՝  կը  փոխէ աշխարհը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց, թէ այս մէկը  Տէրը  չի գործեր առանց մեր անձին։  ՝՝ՏԷրը կը փափաքի, որ մենք մեր սրտերուն դռները բանանք՝ որպէսզի Ան կարենայ մուտք գործել մեր կեանքին մէջ՝՝։

Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ, թէ դիւրին չէ կենդանի հաւատք ունենալը։
Այս առնչութեամբ մէջբերեց, Աւետարանի մէջ գրուած, Առաքեալներուն Յիսուսի կատարած  խնդրանքը՝ Տէր ՝՝աւելցուր մեր հաւատքը՝՝  (Ղուկաս 17,6)։
 Առաքեալներուն խնդրանքը՝  գեղեցիկ խնդրանք մըն է, աղօթք մը զոր մենք եւս  ամէն օր կրնանք Աստուծոյ բարձրացնել, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու
շեշտը դնելով հաւատքին վրայ յարեց, ¬ թէ Աստուած է, որ մեզմէ կը խնդրէ հաւատք ունենալ, որովհետեւ, հաւատքը  պարգեւ մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ։ Անիկա միշտ կը խնդրուի եւ մեր կողմանէ  կը  մշակուի։
Հաւատքը  կախարդական ուժ մը չէ որ երկինքէն կ՝իջնէ , ոչ իսկ զօրաւոր ուժ մը մեր կեանքին հարցերը լուծելու համար։
Հաւատքը  նման է ոսկի դերձանի մը, ¬ որ մեզ Տիրոջ կը զօդէ,  Իր հետ գտնուելու, եւ Իրեն միանալու վճիտ ուրախութիւն է։  Ան  պարգեւ մըն է, որ կʼարժէ մեր բոլոր կեանքը։ Սակայն Հաւատքը  պտղաբեր  դարձնելու համար, հարկ է որ մենք մեր կարգին մեր դերը կատարենք եւ այս դերը ծառայութիւնն է,  հաստատեց Սրբազան Հայրը։
Հաւատք եւ ծառայութիւն կարելի չէ երբեք   իրարմէ  անջատել¬ , անոնք ամուր կապուածութիւն ունին   իրարու մէջ զօդուած,  նման գեղեցիկ դերձաններով հիւսուած գորգի մը։ Երբ որ հաւատքը  զօդուած մնայ ծառայութեան , սիրտը կը մնայ բաց ու երիտասարդ,  եւ անկէ  կը բխին բարի գործեր։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ  ծառայութեան իմաստին , յարելով  թէ ծառայութիւնը  չի կայանար միայն մեր  պարտականութիւնները կամ բարի գործ մը կատարելու մէջ։ Այլ անոր իմաստը կը գտնենք այսօրուան աւետարանին մէջ, ուր Յիսուս  զօրաւոր բառերով կ՝արտայայտուի, խնդրելով ամբողջական պատրաստակամութիւն , առանց հաշիւ  կատարելու, որովհետեւ Յիսուս ա՛յդ ձեւով  մեզ սիրեց, ծառայ դարձաւ մեզի համար՝ առ յաւէտ։ Այս մէկը  տեղի կ՝ունենայ ամէն անգամ որ սուրբ Պատարագ կը մատուցանենք, Տէրը մեր մէջ կու գայ, միշտ Ինք է որ մեզ կը կանխէ ծառայութեան մէջ։
Հետեւաբար,  յարեց Սրբազան Հայրը   կանչուած չենք ծառայելու՝ լոկ հատուցում  ստանալու համար, այլ նմանելու Աստուծոյ, որ ծառայ դարձաւ մեր սիրոյն համար։
Ծառայութիւնը ապրելակերպ մըն է, անիկա եզրակացութիւն է քրիստոնեայի ապրելակերպին. Ծառայել Աստուծոյ՝ պաշտամունքի եւ աղօթքի մէջ, պատրաստակամ գտնուիլ ,սիրել մերձաւորը շօշափելի կերպով, աշխատիլ հասարակաց բարիքին համար՝ աշխուժութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա զգուշացուց կարգ մը  փորձութիւններէն, որոնք կը հեռացնեն մեզ ծառայութեան ապրելակերպէն եւ  կեանքը անծառայութեան կը մատնեն։
Առաջին՝  գաղջ սիրտ մը ունենալ է։ Գաղջ սիրտ ունեցող անձը ծոյլ կեանքի մէջ կը ներփակուի, եւ սիրոյ կրակը կը խաւարէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւեցնելով, թէ  ան որ գաղջ  է՝ կ՝ապրի իր հանգստութիւնը գոհացնելու համար, եւ երբեք ուրախ չի  կրնար ըլլալ։
Գաղջ սիրտ ունեցողը, Աստուծոյ  եւ ուրիշներու քիչ ժամանակ կը տրամադրէ։  Այսպէս  ապրելով՝ իր կեանքը անհամ կը դառնայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ բացատրեց
երկրորդ փորձութիւնը,  որ է գործատէրերու մտածելակերպ ունենալը, այսինքն՝ աշխատիլ միայն հարստութիւն դիզելու եւ հեղինակաւոր անձ մը դառնալու համար։ Այսպէս ապրելով   ծառայութիւնը   կը դառնայ միջոց  եւ ոչ թէ նպատակ, որովհետեւ նպատակը կը վերածուի հեղինականութեան, ապա զօրութեան։
Սրբազան Հայրը  հուսկ յիշեց Յիսուսի խօսքը, ՝՝ թող այդպէս չըլլայ ձեր մէջ. ընդհակառակն եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ թող ձեր սպասաւորն ըլլայ (Մատթ 20,26)՝՝։
Յիսուսի  այս խօսքին հետեւելով եկեղեցին կառուցողական կը դառնայ եւ կը շքեղանայ։
 Սրբազան Հայրը  յորդորեց միշտ միացած մնալ, ուրախութեան եւ եղբայրասիրութեան մէջ հեզութեամբ ապրելով, որովհետեւ Աստուած  զանազանութիւններուն մէջ համերաշխութիւն կը ստեղծէ եւ զայն կը պաշտպանէ։
Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Մայր Թերեզայի  բաեխօսութիւնը, որուն հաւատքի եւ ծառայութեան պտուղները կը զեղու հաւատացեալներուն վրայ,  յիշեց Սրբուհի Մայր Թերեզայի խօսքը,
՝՝Հաւատքի պտուղը սէրն է։ Սիրոյ պտուղը ծառայութիւնն է , ծառայութեան պտուղը խաղաղութիւն է։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.