2016-10-01 09:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Թիֆլիսի Մեսխի մարզադաշտին մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 1 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վրաստան այցելութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան 8-ին, Թիֆլիսի Մեսխի մարզադաշտին մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վրաստանի կաթողիկէ համայնքներու հաւացեալները որոնց մեծամասնութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատկան հաւատացեալներ էին, ժամանած Վրաստանի զանազան քաղաքներէն ու գիւղերէն։

Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանուեցաւ, ի շառս այլ լեզուներու, նաեւ Հայերէն լեզուով աղօթքներ։  

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ  խորացաւ օրուան առաջին ընթերցուածի խօսքերուն վրայ, ուր Եսայի Մարգարէի գրքին մէջ Աստուած կ՛ըսէ՝ «ինչպէս մայր մը իր մանուկը կը գգուէ՝ ա՛յնպէս պիտի գգուեմ ձեզ» (Ես ԿԶ. 13)։

Նորին Սրբութիւնը Պապը մեկնաբանելով այս հատուածը, անդրադարձաւ Աստուծոյ գուրգուրանքին եւ սիրոյն, որ անսահման է մարդ արարածին հանդէպ։ Աստուած մեր բեռը Իր վրայ կʼառնէ, մեզ իր թեւերուն մէջ կը սեղմէ, մեզ կը պաշտպանէ, մեզ կʼազատէ չարի վտանգներէն -յարեց Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով որ՝ «Թոյլ տանք, որ այսօր այս խօսքերը հնչեն մեր սրտերուն մէջ»։

Կեանքի բուռն իրադարձութիւններուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնն է, որ մեզ կը մխիթարէ։ Անոր շնորհած մխիթարանքը մեզ կʼազատէ չարէն, կը տանի խաղաղութեան եւ կ՛աճեցնէ ուրախութիւնը։

Մեզի համար հարկաւոր է սակայն, որ մեր սիրտը բանանք Աստուծոյ դիմաց եւ ընդունինք Զայն անկեղծութեամբ եւ առանց պայմաններու։ Ասոր համար կարեւոր է առօրեայ Ս. Աւետարանի խօսքը, աղօթքը, խոստովանանքը եւ Սուրբ Պատարագը- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց Եսայի Մարգարէի խօսքերը`«Ձեզ պիտի մխիթարեմ Երուսաղէմի մէջ» (Ես ԿԶ. 13), դիտել տալով թէ մխիթարութիւնը ընդունիլ Երուսաղէմի մէջ կը նշանակէ Աստուծոյ քաղաքին մէջ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համայնքն է։ Երբ մենք միացած ենք՝ այն ժամանակ Աստուծոյ մխիթարութիւնը կը գործէ մեր մէջ։ Նաեւ Եկեղեցին մխիթարութեան տունն է - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Եկեղեցին ունի մխիթարելու առաքելութիւնը, որ անհրաժեշտութիւն մըն է՝ ի տես աշխարհի վրայ տարածուած տառապանքի եւ կատարուած անարդարութեան։ «Սակայն, մխիթարութիւնը ընդունելու համար պայման մը կայ» նկատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց օրուան Սուրբ Աւետարանի խօսքերը՝ ուր Յիսուս կը յորդորէ ըլլալ մանուկներու նման (հմմտ Մտթ ԺԸ. 3-4), ինչպէս Սաղմոսը կʼըսէ՝ «որպէս մանուկ մը իր մօր գրկին մէջ» (Սաղ ՃԼ, 2)։ Ըլլալ փոքրիկ Աստուծոյ առջեւ – ասո՛ր մէջ կը կայանայ մարդու իսկական մեծութիւնը։

Սրբազան Պապը լայն կերպով անդրադարձաւ խոնարհութեան եւ պարզութեան այս հոգիին, մէջբերելով նաեւ այլ օրինակներ Սուրբ Աւետարաններէն, եւ երանի կարդաց անոնց, որոնք կʼապրին եւ կը գործեն այս հոգիով։ Եզրափակելով քարոզը, Սրբազան Քահանայապետը յիշեց օրուան սուրբէն, Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսէն քանի մը խօսքեր, ուր սրբուհին կը խօսի «փոքր ճանապարհի» մասին, ուր «մանուկը կը յանձնուի ամբողջութեամբ եւ առանց երկիւղի քուն կը մտնէ իր հօր թեւերուն մէջ», որովհետեւ «Յիսուս չի պահանջեր մեծ արարքներ, այլ միայն անձը վստահիլ Իրեն եւ ըլլալ երախտագէտ»։ Յիշեց նաեւ Սրբուհիի խօսքերը սիրոյ մասին, եւ թէ սրբուհին ինքնին կʼապրէր եւ իբր երիտասարդ «Վարդապետ Եկեղեցւոյ»՝ մեզի կ՛ուսուցանէ այդ սէրը։

Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը յորդորեց՝ «Այսօր, բոլորս միասին խնդրենք պարզ սրտի մը շնորհքը, որ կը հաւատայ սիրոյ հեզահամբոյր հզօրութեան, եւ կʼապրի զայն. խնդրենք ապրիլ անդորր եւ ամբողջական վստահութիւնը՝ Աստուծոյ ողորմածութեան։»








All the contents on this site are copyrighted ©.