2016-09-30 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթները. ''Աղօթքով ընկերացէք ճամբորդութեանս''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 30 սեպտեմբեր 2016-ին Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը հայող Վրաստան եւ Ատրպէյճան կատարած առաքելական ճամբորդութեան որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն ընկերանան աղօթքով որպէսզի, գրեց Սրբազան Քահանայապետը, միասնաբար կարենանք սերմանել խաղաղութիւն, հաշտութիւն ու միութիւն։

''Այսօր կը մեկնիմ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Ինծի ընկերացէք ձեր աղօթքներով, որպէսի միասին սերմանենք խաղաղութիւն, միութիւն եւ հաշտութիւն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը` երեկոյեան, Քաղդէացի հաւատացեալներուն հետ հանդիպումի աւարտին հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ գրեց. ''Տէր Յիսուս, քու խաչիդ շուքը տարածէ պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն վրայ։ Թող անոնք սորուին հաշտութեան, երկխօսութեան ու ներումի ուղիները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.