2016-09-30 10:06:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 16-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 30 սեպտեմբերի առաւօտեան սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան միջազգային 16-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Վրաստան ապա Ատրպէյճան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող ''ԱԼԻԹԱԼԻԱ'' ընկերութեան սաւառնակը թռիչք առաւ առաւօտեան ինին ու չորս ժամ ճանապարհորդութենէ ետք կը հասնի Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի միջազգային օդակայան, անցնելով, Իտալիոյ, Խրուաթիոյ, Պոզնիա – Էրծիկովինայի­, Մոնթենեկրոյի, Սերպիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ օդային տարածքներու վրայէն ու սովորութեան համաձայն  Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ երկիրներուն կը յղէ բարեմաղթական հեռագիրեր որոնցմէ առաջինը հանդիսացաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Սերճօ Մաթթարելլայի ուղղած հեռագիրը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց. ''Մինչ կը պատրաստուիմ կատարելու առաքելական ճամբորդութիւնս Վրաստան ու Ատրպէյճան, խրախուսելու համար հանդիպումն ու երկխօսութիւնը ընդմէջ զանազան մշակոյթներու եւ կրօններու եւ ամրապնդելու քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութիւնը ու հաւատքի մէջ վերահաստատելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները, ձեզի պարոն նախագահ ու համայն իտալացի ազգին կ՛ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս որուն կ՛ընկերանայ նաեւ իմ մաղթանքս Իտալիոյ  հոգեւոր, քաղաքացիական ու ընկերային բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.