2016-09-30 09:37:00

Արեւելեան Հալէպի մէջ վերջին օրերուն մահացած է մօտ 100 երեխայ


Հալէպի արեւելեան հատուածին, վերջին օրերուն ընթացքին, զոհուած է մօտ 100 երեխայ եւ աւելի քան 220 հոգի վնասուածքներ ստացած են: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի,  յայտնած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը։ գրում է korrespondent.net-ը:

«Հալէպի երեխաները կ՝ապրին մղձաւանջի մէջ: Այլեւս բառեր չեն մնացած նկարագրելու համար անոնց տանջանքները»,- յայտարարած է UNISEF-ի փոխ տնօրէն Ճասթին Ֆորսայթ:

Հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Ուրբաթ օրունէ, Արեւելեան Հալէպի մէջ, սպաննուած է առնուազն 96 երեխայ, 223 ուրիշներ վիրաւորուած են»:

ՄԱԿ-ի գնահատականներով` Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ կը բնակի 250-275 հազար մարդ: Անոնք բոլորը, արդէն մէկ շաբաթ է, չունին խմելու ջուր: Այդ առնչութեամբ՝ աւելի քան 100 հազար երեխայ կ՝ենթարկուի ջուրի միջոցով փոխանցուող հիւանդութիւններ ստանալու վտանգին: Ի դէպ` UNISEF-ի մէջ նշած են, որ քաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ մնացած է մօտ 30 բժիշկ:








All the contents on this site are copyrighted ©.