2016-09-29 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի 29 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրիոյ եւ Իրաքի ի նպաստ կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ համախմբուած են միասնաբար քննարկելու Սուրիոյ եւ Իրաքը հարուածող մարդկայնական տագնապը։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին`  վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութեան համար, յատուկէն ողջունելով Տիար Սթաֆան Տէ Միսթուրան­, ինչպէս նաեւ Քոր Ունում – մէկ սիրտ քահանայապետական բարեսիրական մարմնի պատասխանատուները, որոնց ջանքով կազմակերպուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մարդկայնական տագնապին նուիրուած` Վատիկանեան վերոնշեալ 5րդ հանդիպումը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ համագործակցութեան կարեւորութեան ու դիտել տուաւ թէ դժբախտաբար ու հակառակ բոլոր ջանքերուն ''զէնքերու'' տրամաբանութիւնը ինչպէս նաեւ մռայլ շահերն ու բռնութիւնը կը շարունակեն կործանումի մատնել երկիրներ ու մինչեւ օրս կարելի չեղաւ վերջ դնել մարդու իրաւունքի  խախտումներուն ու սպառիչ տառապանքին։

Այս ողբերգական տագնապին հետեւանքները տեսանելի են նաեւ շրջանի սահմաններէն անդին ու անոնց արտայայտութիւնն է գաղթականութեան ծանր երեւոյթը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով թէ բռնութիւնը բռնութիւն կը յառաջացնէ ու հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ կը շարունակուին այս բռնութիւններն ու վրէժխնդրութիւնները։ 

Այս Սուրբ Տարուայ առթիւ որուն ընթացքին մեր հայեացքը աւելի խոր կերպով կ՛ուղղենք Քրիստոսին` մարդացեալ ողորմութիւնը որ յաղթեց մեղքին ու մահուան, միտքս կու գան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը ''Չարիքին պարտադրուած սահմանագիծը, որուն մարդս ճարտարապետն ու զոհն է, ի վերջոյ Աստուածային Ողորմածութիւնն է''։ Այո՛ չարին ողբերգութեան պատասխանը կը գտնուի Քրիստոսի խորհուրդին մէջ­, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը, ապա ակնարկեց Սուրիոյ եւ Իրաքի տառապագին դիմագիծներուն ինչպէս նաեւ հեռաւոր երկիներ ապաստանած միլիոնաւոր գաղթականներուն ընդգծելով թէ անոնց մէջ Եկեղեցին կը գտնէ իր Տիրոջ դիմագիծը չարչարանքի ժամանակ։

 

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ մարդասիրական գործունէութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան ցոլացումն է եւ նշան որ չարը սահման մը ունի ու վերջին խօսքը անոր չէ տրուած։

Մարդկայնական օգնութիւններէ անդին այն ինչ որ այսօր` մեր Իրաքի ու Սուրիոյ եղբայրները կը փափաքին խաղաղութիւնն է, ըսաւ Սրբազան Պապը ու շարունակեց, ասոր համար պիտի չյոգնիմ միջազգային հասարակութենէն պահանջել վերանորոգուած ջանքեր հասնելու համար խաղաղութեան` համայն Միջին Արեւելքին մէջ։

Վերջ դնել հակամարտութեան մարդուն պատասխանատուութիւնն է ու ամէն մին պէտք է դառնայ խաղաղութեան կառուցող, որովհետեւ ամէն մէկ անարդարութեան ու բռնութեան իրավիճակ. վէրք մըն է համայն մարդկային ընտանիքի մարմնին համար։ Իմ խնդրանքս կը դառնայ ամէնօրեայ աղօթք Աստուծոյ` որպէսզի ներշնչէ սրտերն անոնց որոնք ունին քաղաքական պատասխանատուութիւն, մէկդի դնելու համար մասնակի շահերը ու ձգտելու աւելի մեծ բարիքին` խաղաղութեան – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղելով բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն որոնք կը գործեն ի սպաս երկխօսութեան ու հաշտութեան, անոնց ապահովեցնելով Եկեղեցւոյ թիկունքն ու սատարը։ ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ու եկեղեցիներուն, հաստատելով թէ հակառակ խաւարին` անոնք հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ  լոյսը վառ կը պահեն ու կը գործեն ի սպաս համակեցութեան ու խաղաղութեան, դառնալով Աստուծոյ ողորմութեան շօշափելի նշաններ։ 

Անոնք արժանի են Տիեզերական եկեղեցւոյ հիացումին ու թիկունքին­ յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա այդ հասարակութիւնները ու անոնց ի սպաս գործող անհատները յանձնեց Քալքութայի Սրբուհի Թերեզայի բարեխօսութեան, որ է տիպար սիրոյ եւ ողորմութեան, ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց առաքելական օրհնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.