2016-09-29 09:13:00

Մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար ՝՝Հաւատք եւ մարզանք՝՝ համաշխարհային գիտաժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ   նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին  կը  ներկայացուի ''մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս հաւատք եւ մարզանք'' խորագիրով համաշխարհային գիտաժողովը, զոր  կազմակերպուած է  Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ  տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ 5-7 հոկտեմբեր 2016-ին։

Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացող յիշեալ գիտաժողովին բացման արարողութիւնը պիտի  նախագահէ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,    մասնակցութեամբ, ի մէջ այլոց­ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունին։

Գիտաժողովին ներկայացումը կը կատարեն Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ ճանֆրանքօ Ռավազին,  խորհուրդին ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Մելքոր Սանչես Տէ Թոքա ,ինչպէս նաեւ Ալլիանս ընկերութեան ընդհանուտ տնօրէն՝ Տիար Քրիստեան Տէօրինկեր եւ Ոտնագունդը խաղաղութեան համար ընկերակցութեան հիմնադիր Քաշիֆ Սիտտիքի մարզիկը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.