2016-09-29 14:39:00

Հռոմի մէջ ՝՝Իգական Սեռի դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ խորագիրով համագումար


(Ռատիօ Վատիկան) Նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի Հաւատքի վարդապետութեան ժողովին, 26-էն -28 սեպտեմբեր 2016-ին , Հռոմի մէջ գումարուեցաւ ՝՝Իգական սեռի  դերակատարութիւնը եկեղեցւոյ մէջ>> խորագիրով համագումար մը ։

Յիշեալ համագումարին բացումը կատարած է վերոյիշեալ ժողովի նախագահը՝ կարդինալ Կերարտ Մուլլերը։ Համագումարին իերնց մասնակցութիւնը բերին  աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 50 Աստուածաբաններ, պատմաբաններ, եկեղեցական իրաւաբաններ , ինչպէս նաեւ կրօնաւորուհիներ։   

Համագումարին ընթացքին  արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը, իգական սեռի կոչումը Կաթողիկէ աւանդութեան մէջ,  եւ  կանանց շօշափելի դերակատարութիւնը  եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.