2016-09-29 14:13:00

Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 միլիոնէն հասած է 150.000-ի․


Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մօրան Մօր Իգնատիուս Եփրեմ Բ․-ն յայտարարած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը կը գտնուի ոչնչացման եզրին:

«Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ քրիստոնէութիւնը ոչնչացման եզրին է: Վերջին 100 տարուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 միլիոնէն հասած է 150 հազարի: Նոյն իրավիճակը կրնայ կրկնուիլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ»,- ըսած է ասորիներու հոգեւոր առաջնորդը, թրքական Haberturk-ին յղումով կը գրէ Tert.am-ը:

Պատրիարքը նշած է, որ «Սուրիոյ մէջ բնակող հազարաւոր քրիստոնեաներ կամ քշուած են իրենց հայրենիքէն, կամ փախած են հիմնականօրէն Լիբանան»:

Ասորական եկեղեցւոյ առաջնորդը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպային զգուշանալու ծայրայեղական մահմետականները իրենց երկիրներ ընդունելէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.