2016-09-29 09:47:00

ԱՄՆ կը նախատեսէ եւս 364 միլիոն տոլար տրամադրել Սուրիոյ մարդասիրական օգնութեան համար


Ուաշինկթըն կը  ծրագրէ Սուրիոյ տրամադրել աւելի քան 364 միլիոն տոլար ` որպէս լրացուցիչ օգնութիւն: Ռիա նովոսթիի հաղորդմամբ, այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի` բնակչութեան, փախստականներու եւ ներգաղթեալներու  հարցերով օգնական Էնն Ռիչըրտը:

Ան աւելցուցած է, որ գումարը Սուրիոյ մէջ պատերազմէն տուժած շրջաններուն մարդասիրական օգնութեան համար է:

Ըստ Ռիչըրտի, ԱՄՆ կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները փախստականներ ընդունելու ծրագիրի ծիրէն ներս: Մասնաւորապէս, ԱՄՆ ընթացիկ ֆինանսական տարուան արդէն ընդունած է 12,5  հազար սուրիացի փախստական:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.