2016-09-28 10:48:00

Նշանակուեցան 11 նախարարներ եւս


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերին 11 նախարարներու նշանակման:

Լեւոն Մկրտչեան նշանակուած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Դաւիթ Լոքեան` տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Հրանուշ Յակոբեան` սփիւռքի նախարար, Արփինէ Յովհաննիսեան` արդարադատութեան նախարար, Արմէն Երիցեան` արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Արտեմ Ասատրեան` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար: Վեց նախարարներն ալ նոյն պաշտօնները կը վարէին նաեւ նախորդ կառավարութեան կազմին մէջ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, Արմէն Ամիրեան նշանակուած է մշակոյթի նախարար` ազատ կացուցուելով Հանրային հեռուստառատիոընկերութեան խորհուրդի անդամի պաշտօնէն:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան նշանակուած է մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, տնտեսութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան` բնապահպանութեան նախարար, տնտեսութեան նախարար նշանակուած է Սուրէն Կարայեան, առողջապահութեան նախարար` Լեւոն Ալթունեան:

Յիշեցնենք, որ մէկ շաբաթ առաջ նշանակուած էին Հայաստանի նոր կառավարութեան առաջին վեց նախարարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.