2016-09-28 11:29:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


«Չեմ Հաւատար, Բայց՝ Կը Կարօտնամ»

Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացող մարդոց թիւը համեմատականօրէն սկսած է բարձրանալու, հակառակ քրիստոնէական բազմապիսի քարոզչութիւններուն, համաշխարհային տարողութեամբ կատարուած ուսուցումներուն եւ երիտասարդական շրջանակներուն մէջ եկեղեցիներու ծաւալած քարոզարշաւներուն:

Անհաւատներուն անուս տեսակները, ընդհանրապէս խնդիր ունին Աստուծոյ անտեսանելիութեան կամ ոգեղինութեան հետ: Այն, ինչ չենք տեսներ, ճիշդ է, դժուար է անոր հաւատալը: Սակայն մեր կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնց գոյութեան կը հաւատանք առանց տեսնելու: Ամէնէն պարզ օրինակը մեր նախահայրերուն գոյութեան ընծայած մեր կոյր հաւատքն է: Ո՞վ ըսաւ, որ անոնք գոյութիւն ունեցած են: Սակայն, կուրօրէն կը հաւատանք անոնց գոյութեան, եւ աւելին, կ՛ընդունինք, թէ անոնք մեր նախահայրերն են: Դեռ աւելին, անոնցմէ սերած ըլլալ կը դաւանինք մենք մեզի, ուսումնասիրելով մեր կենցաղային կամ նախասիրական այլ ընդհանրական յատկութիւնները, իբրեւ ցեղային առանձնայատկութիւններ: Ուրեմն, ինչո՞ւ կը դժուարանանք զԱստուած մեր Հայրը ընդունելու որոշման մէջ, որ աւելի մեքենականօրէն կամ բնազդաբար պէտք է կատարէինք: Կամ՝ ինչո՞ւ չենք հաւատար, թէ Արարիչ մը գոյութիւն ունի տեսանելի եւ անտեսանելի աշխարհներուն համար, երբ այլ պատասխան տալու կը դժուարանանք մեզի ուղղուած հարցումներուն:

Կան մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած չեն ընդհանրապէս Աստուծոյ մը գոյութեամբ, մինչեւ այն ատեն, որ իրենց սեփական կեանքին հետ մասնաւոր առընչութիւն չունի այս «խնդիրը»: Անաստուածեան համակարգեր երկար տասնամեակներ հակաքարոզչութիւն կատարեցին, մարդկային հոգիէն ու միտքէն դուրս շպրտելու համար Արարիչի մը գոյութիւնը, փորձելով ամէն ինչ բացատրել նիւթով ու մարդկային հնարաւորութիւններով: Ժամանակը փաստեց, թէ անոնք սխալեցան ու սխալած ըլլալու նոյն իրավիճակին մէջ պիտի գտնուին դեռ նման հայեացքներ ունեցողները:

Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող մարդիկ, ընդհանրապէս նիւթական աշխարհին հետ կը բաղդատեն մարդ էակը: Անոնք պարզ համեմատութիւն կատարելով՝ կըսեն, թէ նիւթը աւելի հզօր է, քան մարդը:

Կրօնական գաղափարախօսութիւններու եւ հաւատալիքներու արտայայտած անմահութեան գաղափարը վերոյիշեալ մարդոց համար անհաւատալի կը թուի, բայց միայն մահուան իրականութիւնը ընդունելի է, իբրեւ վերջակէտը մարդ էակի գոյութեան այս աշխարհին վրայ: Ուրեմն, նիւթին անմահութիւնը կը քարոզեն անոնք, հակադրելով զայն մարդուն սահմանափակ գոյութեան երեւոյթին այս կեանքի մէջ:

Հակառակ այս իրողութեան ու անհաւատներուն կողմէ ներկայացուած այս աժան փաստարկումներուն, համայն մարդկութեան սիրտին ու հոգիին մէջ անժխտելի կը մնայ կարօտի զգացումը:

Եթէ ուզենք բացատրել, թէ ի՞նչ է կարօտը, կը տեսնենք, որ անիկա շատ անձնական եւ որոշ չափով անբացատրելի զգացում մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր անհատ մարդ իր սեփական փորձառութեան հիման վրայ կրնայ բանաձեւում կատարել:

_ Ճիշդ է, որ ալ չե՛մ հաւատար Աստուծոյ  գոյութեան, սակայն՝ երբեմն կը կարօտնամ- ըսած էր ինքզինք անհաւատ ներկայացնող բարեկամ մը։

Աւելի մեծ վկայութիւն կարելի չէ՛ր գտնել Աստուծոյ գոյութեան մասին, քան կարօտի այն զգացումը, որ նոյնիսկ անհաւատ մարդու հոգիին մէջ գտնուեցաւ Աստուծոյ համար…

Աստուած այն էակն է, զոր միշտ պիտի կարօտնանք: Յատկապէս նեղութեան պարագային կը զգանք, թէ կը կարօտնանք այն Էակը, որ մեզի պէտք է ճի՛շդ այդ պահուն: Կը կարօտնանք, այսինք՝ կը փնտռենք: Անհաւատութիւնը կը պարտուի կարօտէն: Կարօտի զգացումին թեթեւ կամ զօրեղ բոլոր տեսակները փաստեր են, թէ մենք կը հաւատանք անոր, որուն կը կարօտնանք:

Մեր կարօտնալիք էակներուն մէջ ամէնէն կարօտնալիքը Աստուած ի՛նք է: Մարդու հոգիին ամէնէն մօտիկ գոյութիւնն է Ան, որուն կարօտով ալ կը փակէ մարդը աչքերը, հանդերձեալին մէջ Անոր հետ գրկընդխառնուելու մեծ յոյսով:

Փնտռէ՛ հոգիիդ ծալքերուն մէջ կարօտի այս զգացումը եւ անպայման պիտի գտնես զայն, որովհետեւ կարօտներուդ ամէնէն իրականն է ու անհրաժեշտը՝ այս եւ միւս կեանքիդ համար: Թերեւս դո՛ւն ալ չես հաւատար, բայց կը կարօտնաս…








All the contents on this site are copyrighted ©.